ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Հինգշաբթի, Փետրուար 9ին, Հայ ուսանողական միութիւններու համախմբումը հանդիսացող Համահայկական ուսանողական միութիւնը (All-ASA) անգամ մը եւս Հայոց Ցեղասպանութեան ուրացման դէմ բողոքի լուռ ցոյցեր պիտի կազմակերպէ Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի համալսարաններուն մէջ, համագործակցութեամբ ՀԵԴի Արեւմտեան եւ Արեւելեան Ամերիկայի մարմիններուն, ՀՅԴ «Շանթ» ուսանողական միութեան, ինչպէս նաեւ՝ «Ալֆա Կամա Ալֆա» եւ «Ալֆա Էփսիլոն Օմեկա» ուսանողական ընկերակցութիւններուն:
«Ուրացման Արատ» ընդհանուր խորագիրին տակ կայանալիք ցոյցերուն նպատակն է լուսարձակի տակ առնել Ցեղասպանութեան իրողութիւնը՝ միաժամանակ դատապարտելով Թուրքիոյ կողմէ յառաջ մղուող ուրացման արշաւը եւ այդ արշաւին մէջ Միացեալ Նահանգներու մեղսակցութիւնը: Ցոյցերը պիտի կայանան առաւօտեան ժամը 10էն մինչեւ կ.ե. ժամը 3 (Խաղաղականի ժամով), որոնց զուգահեռ համացանցային արշաւներ տեղի պիտի ունենան ընկերային ցանցերու միջոցաւ՝ հետեւեալ հասցէներով.
#StainOfDenial,
#ArmenianGenocide
#DivestTurkey
Այս վերջինը կապ ունի Թուրքիոյ մէջ ամերիկեան համալսարաններու կողմէ կատարուած աւելի քան 70 միլիոն տոլարի ներդրումները ետ քաշելու արշաւին:
«Ուրացման Արատ» ցոյցերուն կը մասնակցին հետեւեալ համալսարանները.
«Քալ Փոլի Փոմոնա», Քալիֆորնիոյ Նահանգային համալսարանի Նորթրիճի մասնաճիւղ, Քլերմոնթի համալսարաններ, Կլենտէյլի համայնքային քոլեճ, Լոս Անճելըս Հովիտի քոլեճ, «Լոյոլա Մերիմաունթ», «Օքսիտենթըլ», Փասատինա քաղաքի քոլեճ, Սանթա Մոնիքայի քոլեճ, Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի, Ըրվայնի, Սանթա Պարպարայի, Սան Տիէկոյի, Ռիվըրսայտի ու Սանթա Քրուզի մասնաճիւղեր եւ Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարան:
Այս տարի եւս, Քալիֆորնիայէն դուրս գտնուող համալսարաններու մէջ նման ցոյցեր պիտի կայանան՝ նախաձեռնութեամբ «Նորթիսթըրն», «Թաֆթս», «Քոնքորտիա» եւ շարք մը այլ համալսարաններու հայ ուսանողներուն:
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել www.all-asa.org կայքը։