ԷՆՍԻՆՕ.- Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան անցեալ շաբաթավերջին Լոս Անճելըս վերադարձաւ Անթիլիասէն, ուր մասնակցած էր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական վարչութեան Կրօնական եւ Խառն ժողովներու նիստերուն, ուրկէ բխած որոշումները կաթողիկոսութեան տեղեկատուութեան բաժանմունքէն հրապարակուեցան՝ նիստերու աւարտին։
Կիրակի, Յունուար 29ին, առաջնորդ սրբազանը հանդիսապետեց Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ Ս. պատարագին եւ առաջին առիթը ունեցաւ հաւատացեալներուն խօսելու Անթիլիասի ժողովներուն ու անոնց արդիւնքներուն մասին: Պատարագիչն էր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Ռազմիկ Ա. քհնյ. Խաչատուրեան: Ներկայ էին Ազգ. վարչութեան ատենապետ Վահէ Յովակիմեան, ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Տարօն Տէր Խաչատուրեան, ազգային երեսփոխաններ, հոգաբարձութեան անդամներ, Ազգ. Ֆերահեան վարժարանի տնօրէնուհի Սօսի Շանլեան եւ Ուսումնական մարմինի ներկայացուցիչներ, եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ վարժարանի աշակերտներ, շրջանի կազմակերպութեանց ու միութեանց ներկայացուցիչներ եւ հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը:
ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ԺՈՂՈՎՆԵՐ
Իր պատգամին մէջ, սրբազանը առաջին հերթին ներկայ հաւատացեալներուն փոխանցեց Արամ Ա. կաթողիկոսի ողջոյններն ու հայրապետական օրհնութիւնը, հանգամանօրէն անդրադարձաւ նշեալ ժողովներու քննարկումներուն, որոնք ընդգրկած էին կաթողիկոսութեան յարկին ու հովանիին տակ անցեալ տարի տարուած աշխատանքի դաշտերը. նաեւ, կարեւորութեամբ քննարկուած են ու համապատասխան ծրագիրներ մշակուած՝ քրիստոնէական դաստիարակութեան, երիտասարդական կեանքի աշխուժացման, միջեկեղեցական ու միջկրօնական յարաբերութեանց զարգացման, Դպրեվանքի յարկին տակ տարուող բազմաբնոյթ աշխատանքներուն, մեր նուիրապետական աթոռներուն հետ գործակցութեան զարգացման, հայկական յարանուանութեանց հետ յարաբերութեանց սերտացման, ընկերային ծառայութեան, Արցախի օժանդակութեան ու մասնաւորաբար «Նոր Կիլիկիա» գիւղի շինարարութեան աշխատանքներուն, Սուրիոյ հայութեան տագնապը ամոքելու եւ Սիսի կաթողիկոսարանի վերատիրացման առաջադրանքներուն համար, ի շարս այլ այժմէական հարցերու:
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԻ 25ԱՄԵԱԿ
Առաջնորդը անդրադարձաւ նաեւ այն իրողութեան, որ նոյն օրը, ազգովին կը տօնենք Հայկական բանակի կազմութեան 25րդ տարեդարձը: Ան այս առիթով ու յանուն Արեւմտեան թեմին՝ ողջունեց հայրենի իշխանութիւնները, բանակի հրամանատարութիւնը եւ քաջարի զինուորները, ապա աղօթք բարձրացուց, որ Աստուած ընդմիշտ հովանի ըլլայ հայրենի հողը պաշտպանողներուն վրայ եւ անսպառ ուժ պարգեւէ բոլորին:
Սրբազանը յիշեցուց, թէ անցեալ 25 տարիներուն ու մինչեւ այսօր, մեր քաջարի բանակը զարնուած է ու դեռ կը զարնուի բազմաթիւ փորձաքարերու, սակայն՝ «անիկա ճակատաբաց ապացուցեց, որ արժանի ժառանգորդն է այն դրօշին, որ առաջնորդած է հին ու նոր թշնամիներուն դէմ մեր մղած պայքարը», որովհետեւ՝ «մեր բանակի հրամանատարներուն ու զինուորներուն մէջ կը խայտայ Վարդան Մամիկոնեանի ու անոր 1036 վկաներուն արիւնը, անոնց հոգիները կռանուած են հայ ֆետայիներուն ու Արցախեան ազատամարտը կերտած քաջորդիներուն գործնական պատգամներով: Այսօ՛ր ալ մեր սահմանապահ զինուորները արիաբար կը պաշտպանեն Արցախի ու Հայաստանի սահմանները, իրենց կեանքը կը զոհաբերեն աննահանջ՝ այն գիտակցութեամբ, որ իմացեալ մահը, գերագոյն արժէքին՝ հայրենիքի պաշտպանութեան համար զոհաբերուած կեանք մը՝ անմահութեա՛ն կը հասցնէ նահատակը»: Առաջնորդը իր խօսքը եզրափակեց՝ մշտանորոգ կենսունակութիւն եւ անսասանութիւն մաղթելով մեր բանակին:
«ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՈՒՄԻ ՏԱՐԻ»
Ապա, առաջնորդը ընթերցեց Արամ Ա. կաթողիկոսի հայրապետական պատգամը, որ 2017 տարին կը հռչակէ «Վերանորոգումի Տարի»։
Նշենք, որ Հայրապետական պատգամը, առաջնորդ սրբազանին տնօրինումով, Կիրակի օր ընթերցուեցաւ նաեւ մեր թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ:
Սրբազանը կանգ առաւ հայրապետական պատգամէն բխած հիմնական յորդորներուն վրայ, որոնք կը նշեն, թէ վերանորոգումը Աստուածաշունչին մէջ նպատակ է եւ կը կազմէ առանցքը եկեղեցւոյ առաքելութեան. քրիստոնէական մեր հաւատքը յստակ հրամայականներ կ՛առաջադրէ վերանորոգումի իմաստով, ու աւելին՝ վերանորոգումը նաեւ ազգային հրամայակա՛ն մըն է:
Առաջնորդը շեշտեց, որ վեհափառի պատգամէն բխած այդ սկզբունքներուն եւ ուղեցոյցին հիման վրայ, մենք կոչուած ենք վերանորոգելու մեր անհատական ու հաւաքական կեանքերը, մեր ներաշխարհն ու միտքը, մեր աշխատանքի անհատական ու հաւաքական ասպարէզները, որպէսզի կարելիութիւնը ունենանք համընթաց ըլլալու կեանքի արագ վազքին հետ, մասնաւորաբար նկատի ունենալով մեր ազգային կեանքի պահանջներն ու նոր սերունդներուն ակնկալութիւնները, իսկ ամէնէն կարեւորը՝ վերանորոգութեան համար առաջնահերթ նկատենք հայ կեանքի վերականգնումն ու արդիականացումը։