ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».– Ազգային պատկերասրահը նոր շէնք տեղափոխելու առթիւ մշակոյթի նախարար Արմէն Ամիրեանի յայտարարութեան անդրադառնալով՝ «Թերթ»ին տուած հարցազրոյցին ընթացքին ճարտարապետ Անահիտ Թարխանեան ըսած է, որ Ազգային պատկերասրահի շէնքը տեղափոխելը ճիշդ պիտի ըլլայ, եթէ կառուցուի նոր, լիարժէք, ժամանակակից չափանիշներուն համապատասխանող թանգարան, բայց եթէ պիտի կառուցուի նմանատիպ շէնք մը կամ նոյնիսկ աւելի վատ, այն ատեն, ի հարկէ, անիմաստ կը դառնայ այդ ամբողջ գործողութիւնը:
Նշենք, որ մշակոյթի նախարար Արմէն Ամիրեան հանդիպում ունեցած է Ազգային պատկերասրահի տնօրէն Արման Ծատուրեանի հետ ու քննարկած շէնքին խնդիրները՝ նշելով, որ որեւէ լուծում ժամանակաւոր է, քանի որ Հայաստանի ազգային պատկերասրահը հետագային պիտի ունենայ նոր շէնք: Իսկ Հայաստանի Ազգային պատկերասրահի տնօրէն Արման Ծատուրեան 22 Յունուարին տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտարարած էր, թէ պատկերասրահին շէնքը բացարձակապէս չի համապատասխաներ ժամանակի մարտահրաւէրներուն, եւ թէ՝ «մեր ազգային հարստութիւնը շատ վատ պայմաններում է»:
Հանրութեան մէջ արդէն իսկ շրջան կ՛ընեն տեսակէտներ այն մասին, որ յառաջիկային կրնայ ըլլալ, որ Ազգային պատկերասրահի շէնքն ալ վաճառուի, ինչպէս վաճառուեցաւ արտաքին գործոց նախարարութեան շէնքը: Ճարտարապետ Անահիտ Թարխանեան այս առթիւ ըսած է. «Կարծում եմ այդ մտահոգութիւնները հիմնաւոր են, որովհետեւ եթէ նման խօսակցութիւններ գնում են, նշանակում է արդէն կայ գնորդը: Ես ենթադրում եմ ով կը լինի գնորդը: Ենթադրում եմ, որ եթէ նախկին արտաքին գործոց նախարարութեան շէնքը գնել է Էռնեկեանը, հաւանականութիւնը մեծ է, որ այդ շէնքն էլ է ինքը գնելու: Դա ընդամէնը ենթադրութիւն է»:
Ճարտարապետին մօտեցումը հետեւեալն է. «Եթէ հանրութեանը ներկայացնեն լիարժէք կատարուած նախագիծ եւ հիմնաւորում, որտեղ որ կայ հիմնաւորում՝ որն էին բացերը եւ ինչն էր պակաս գոյութիւն ունեցող շէնքի մէջ եւ արդեօք նոր կառուցուող շէնքով վերացնո՞ւմ են այդ բոլոր բացերը պատկերասրահի, այդ ժամանակ, ի հարկէ, այո՛, երկրորդ՝ շատ կարեւոր է՝ որ տարածքում է դա գտնուելու: Եթէ այդ բոլոր հարցերին պատասխան կայ, ապա ես կողմ եմ, որ մեր պատկերասրահն ունենայ ժամանակակից եւ միջազգային ստանդարտներին համապատասխան շէնք: Եթէ այդ ամէնը չի իրականացուելու, դա անընդունելի տարբերակ է ինձ համար»:
Էդուարդօ Էռնեկեանին պատկանող «Զուարթնոց» օդակայանի մամլոյ բանբեր Գէորգ Աբրահամեան «Թերթ»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է, որ ինք առաջին անգամ ըլլալով է, որ նման բան կը լսէ, տեղեկութիւն չունի այդ մասին. ան խորհուրդ տուաւ դիմել քաղաքաշինութեան կոմիտէին:
Ազգային պատկերասրահի նախկին տնօրէն Փարաւոն Միրզոյեան «Թերթ»ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է, որ ինք Ազգային պատկերասրահը այլ շէնք տեղափոխելու առաջարկ կատարած էր 15 տարի առաջ: «Ես ողջունում եմ Արման Ծատուրեանի սրտացաւութիւնը: Դեռ 15 տարի առաջ ես նոյն բանն եմ ասել, եւ համոզուած եղէք, որ իսկապէս էդ շէնքը չի համապատասխանում Ազգային պատկերասրահի կանոններին՝ ոչ ճարտարապետական կառոյցը, ոչ լուսային լուծումները, չեն համապատասխանում, նման թանգարանի համար ուրիշ ճարտարապետական շէնք է անհրաժեշտ: Արման Ծատուրեանը ճիշդ ուղու վրայ է եւ նախարարն էլ ճիշդ է ասում», ըսած է Փարաւոն Միրզոյեան: