ԵՐԵՒԱՆ.– 20 Յունուարին Վանաձորի արհեստագիտութեան կեդրոնին մէջ բացուած է «Եանդեքս» ընկերութեան Ծրագրաւորման դպրոցը:
Դպրոցը «Եանդեքս» ընկերութեան եւ «Ձեռնարկութիւնների ինկուբատոր հիմնադրամ»ի միացեալ նախագիծն է՝ 9-11րդ դասարաններու աշակերտներուն համար, որոնք կը փափաքին ծրագրաւորման հմտութիւններ ձեռք բերել:
Ծրագիրին նպատակն է ծանօթացնել աշակերտներուն ծրագրաւորման, տեղեկատուական արհեստագիտութեան ոլորտին մէջ աշխատանքի հեռանկարներ ստեղծել անոնց համար եւ նպաստել Լոռիի մարզին մէջ տեղեկատուական արհեստագիտութեան զարգացման:
«Մայրաքաղաքում ուսման շատ հնարաւորութիւններ կան, այդ իսկ պատճառով ծրագրաւորման դպրոցները կը բացուեն առաջին հերթին շրջաններում, որտեղ դրանք առաւել օգտակար եւ արդիւնաւէտ կը լինեն», ըսած է «Եանդեքս.Տաքսի» ընկերութեան գլխաւոր տնօրէն Տիգրան Խուդաւերդեան:
Ծրագրաւորման դպրոցին մէջ ուսումը անվճար է: Ուսուցման ծրագիրին մասնակցելու դիմում ներկայացուցած է 147 դպրոցական, որոնցմէ ընտրուած է 28 հոգի: Դասերը պիտի սկսին 21 Յունուարէն եւ տեղի պիտի ունենան շաբաթը երկու անգամ: Դասընթացքին տեւողութիւնը մէկ տարի է: Մինչ այդ երեխաները կ՛իւրացնեն Python ծրագրաւորման լեզուի հիմքերը եւ իրենց կարողութիւնները կը դրսեւորեն փոքր նախագիծերու մէջ:
Ուսուցման ընթացքին պիտի կատարուի աշակերտներու յառաջադիմութեան մնայուն դիտարկում եւ գնահատում: Դասընթացքը բարեյաջող աւարտած աշակերտները պիտի ստանան Հայաստանի մէջ «Եանդեքս» ընկերութեան Ծրագրաւորման դպրոցի աւարտական վկայական: