ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Հայաստանի իշխանութեան գլուխ կանգնած Հանրապետական կուսակցութեան (ՀՀԿ) կարկառուն անդամներէն՝ նախկին վարչապետ, քանիցս այդ կուսակցութեան նախագահական ու խորհրդարանական ընտրական շտապներ ղեկավարած Յովիկ Աբրահամեանը հեռացած է ՀՀԿի շարքերէն:
Դեռեւս յստակ չէ, թէ տնտեսական լայն հնարաւորութիւններ կուտակած Աբրահամեանը ի՛նչ քաղաքական ուղի պիտի բռնէ. հաւանական է, որ ան միանայ իր խնամիին՝ Գագիկ Ծառուկեանի կուսակցութեան, կամ առնուազն՝ մաս կազմէ անոր ստեղծելիք դաշինքին: Կրնայ անշուշտ դուրս գալ քաղաքական կեանքէն, բայց այդ պարագային անիմաստ էր դուրս գալը այսպէս աղմուկով կատարել:
Այս օրերուն նաեւ յայտնի դարձաւ, որ Հայաստանի Հանրապետութեան Վերահսկիչ պալատի նախագահ Իշխան Զաքարեան, արձակուրդ վերցնելով՝ ստանձնած է Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան ընտրական շտապի ղեկավարի պաշտօնը:
Եթէ ՀՀԿն եւ «Բարգաւաճ Հայաստան»ը մրցակից կուսակցութիւններ ըլլային, արտաքնապէս այդպէս ալ են, ապա տրամաբանական պիտի ըլլար, որ Իշխան Զաքարեանը ոչ թէ արձակուրդի երթար, այլ՝ կորսնցներ իր պաշտօնը:
Յովիկ Աբրահամեանին՝ տնտեսապէս կամ այլապէս պատժուելու մտահոգութիւն չունենալը եւ Իշխան Զաքարեանի պաշտօնանկ չըլլալու փաստը կարելի է մեկնաբանել այնպէս, որ նախագահ Սերժ Սարգսեան ինքզինք շա՛տ ամուր կը զգայ եւ մտահոգ չէ առնէտներու հաւանական վազքէ մը, որուն ազդանշանը կրնար ըլլալ իր երբեմնի կարեւորագոյն զինակիցներէն մէկուն հեռանալու լուրը: Գագիկ Ծառուկեանի քաղաքական դաշտ վերադարձն ալ կարելի է տեղաւորել տնտեսական պատիժի վախը անտեսելու շրջագիծէն ներս:
Կա՛մ ալ, անշո՛ւշտ, արդէն իսկ կը թեւակոխենք ժողովրդավարութեան նոր հանգրուան մը, ուր իշխանական լծակները չեն չարաշահուիր՝ յանուն աթոռի պահպանման: Աստուծո՛յ կամքով: