ԴԱՄԱՍԿՈՍ, «Ռոյթըրզ».- Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ յայտնեց, որ Դամասկոս Ասթանայի ժողովէն մեծ ակնկալութիւններ չունի, «այլ կը յուսայ, որ անիկա սուրիական կողմերուն միջեւ բանակցութիւններու բեմահարթակ կը դառնայ»:
Ճափոնական «Թի.Պի.Էս.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին ան ըսաւ, որ առաջնահերթութիւնը «զինադուլի հաստատումն ու օժանդակութիւններու մատակարարումն է»:
Ան նշեց, թէ բանակցութիւններուն պիտի մասնակցին զինեալ խմբաւորումներ, որոնց հաշտութեան հոլովոյթին մասնակցիլը կը նշանակէ զինաթափ ըլլալ եւ ներումի արժանանալ:
Ասատ ըսաւ, որ յստակ չէ, եթէ Ասթանայի ժողովին ընթացքին քաղաքական որեւէ երկխօսութիւն տեղի պիտի ունենայ թէ ոչ, որովհետեւ յստակ չէ, թէ ո՛վ պիտի մասնակցի ժողովին:
Մինչ այդ, Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը յայտարարեց, որ Իրանի արտաքին գործոց փոխնախարար Հիւսէյն Ճապիրի Անսարի պիտի գլխաւորէ Յունիս 23ին Ասթանայի ժողովին մասնակցող իրանեան պատուիրակութիւնը:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը, իր կարգին հաղորդեց, որ սուրիական 14 զինեալ խմբաւորումներ կը մասնակցին նշեալ ժողովին, եւ կոչ ուղղեց մասնակիցներուն թիւը աւելցնելու՝ նշելով. «Հրաւէր պիտի ուղղենք զինադադարին յանձնառու զինեալ ընդդիմութեան ներկայացուցիչներուն, որպէսզի ներկայ գտնուին Ասթանայի բանակցութիւններուն»:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Պոկտանով յայտարարեց, թէ Ասթանայի ժողովին մասնակից ռուսական պատուիրակութեան մաս պիտի կազմեն արտաքին գործոց եւ պաշտպանութեան նախարարութիւններէն, ինչպէս նաեւ այլ մարմիններէ ներկայացուցիչներ: Ժողովին պիտի մասնակցի նաեւ Սուրիոյ հարցով ՄԱԿի յատուկ պատուիրակ Սթեֆան տէ Միսթուրա:
Միւս կողմէ, Թուրքիոյ բանակի սպայակոյտը յայտարարութիւն մը հրապարակելով՝ յայտնեց, որ բրիտանական օդուժէն օդանաւեր «Իսլամական պետութեան» դէմ պայքարի միջազգային դաշինքի գործողութեանց ծիրին մէջ հարուածած են հիւսիսային Սուրիա գտնուող դիրքեր: Սպայակոյտը աւելցուց, որ Թուրքիոյ հետ համակարգուած այս գործողութիւնը երկար ատենէ ի վեր դաշինքին կողմէ կատարուած առաջին օդային հարուածն է:
Յայտարարութիւնը նաեւ նշեց, որ ռուսական ռազմական օդանաւեր եւս, թուրք պաշտօնատարներու հետ համակարգում կատարելէ ետք, օդային հարուածներ հասցուցած են Պապ քաղաքին մօտ գտնուող դիրքերուն:
Միւս կողմէ, թրքական «Ճումհուրիյէ»չ թերթը հաղորդեց, որ Ինճիրլիք ռազմակայանին մէջ 17 օր տեւած բանակցութիւններուն ընթացքին, Միացեալ Նահանգներն ու Թուրքիան չեն կրցած համաձայնութեան գալ Սուրիոյ մէջ միասնաբար գործելու հարցին շուրջ: