ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Թուրքիոյ կառավարութեան ընդդիմադիր՝ Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան փոխնախագահ Չեթին Օսման Պուտաք մտահոգութիւն յայտնած է խորհրդարանին մէջ քննարկման դրուած սահմանադրական փոփոխութիւններուն կապակցութեամբ:
Թրքական պետական «Անատոլու» լրատուական գործակալութիւնը կը փոխանցէ, թէ Պուտաք նշած է, որ սահմանադրական բոլոր փոփոխութիւններուն վաւերացման պարագային, նախագահին պիտի տրուի գործադիր եւ օրէնսդիր մարմիններուն, ինչպէս նաեւ դատական համակարգին վրայ չափազանց լիազօրութիւններ՝ անկարելի դարձնելով անոր գործունէութեան վերահսկումը:
«Ակնյայտ է, որ ուժերու հակակշռուած բաշխում չկայ, ինչ որ կը յուշէ իրաւունքի եւ ժողովրդավարութեան բացակայութիւն: Թուրքիա կործանման եզրին է», աւելցուցած է ան՝ կոչ ընելով պատգամաւորներուն, որ աւելի ողջախոհութիւն դրսեւորեն:
Ան նաեւ ցաւ յայտնած է այն բանին համար, որ բնակչութիւնը բաւարար չափով չէ տեղեկացուած խորհրդարանին մէջ ընթացող քննարկումներուն մասին: