ԵՐԵՒԱՆ, «ՓանԱրմինիըն».- Սիւնիքի մարզի Ագարակ քաղաքին՝ Իրանի սահմանակից տարածքին մէջ, պիտի հիմնուի ազատ տնտեսական գօտի (ԱՏԳ): Տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարարութեան կեդրոնին մէջ նախարարութեան ներդրումային ծրագիրի բաժինի պետ Արամ Վարդանեան, ներկայացնելով ծրագիրը, ըսած է, որ նպատակն է՝ ստեղծել նախադրեալներ նոր ներդրումներու ներգրաւման, նոր աշխատատեղերու ստեղծման, ինչպէս նաեւ արտահանման ներուժ ունեցող ապրանքներու արտադրութեան համար։ Այս մասին կը գրէ «Այսօր»ը:
Հաշուի առնելով Իրանի հետ յարատեւ առեւտրատնտեսական յարաբերութիւնները, որոշուած է տեղակայումը կատարել Սիւնիքի մարզին մէջ՝ սահմանագիծին կարելի եղածին չափ մօտ: Ընտրուած է Ագարակ քաղաքին մէջ առկայ հողատարածք: ԱՏԳն պիտի գրաւէ 10-15 հեկտար տարածք, սակայն առկայ է 35 եւ յաւելեալ 10 հեկտար տարածք ընդլայնման հնարաւորութիւն:
Ծրագիրի արժէքը գնահատուած է մօտ 28 միլիոն տոլար, եւ հաշուի առնելով ընթացիկ ծախսերը, ընդհանուր գումարը պիտի ըլլայ մօտ 32 միլիոն տոլար
«Ակնկալում ենք, որ 10 տարիների ընթացքում կազմակերպիչ ընկերութեան հասոյթը կը կազմի 52 միլիոն դոլար: Շահութաբերութեան ներքին նորմը կազմում է 12 տոկոս, իսկ ազատ տնտեսական գօտու կազմակերպիչ ընկերութիւնը կ՛ունենայ 60-70 աշխատող», ըսած է Արամ Վարդանեան:
Անոր համաձայն՝ կանխատեսումներ կատարուած են, որ 10 տարուան ընթացքին պիտի ներգրաւուի մօտ 120 ընկերութիւն, որոնք տարեկան պիտի արտածեն 80-100 միլիոն տոլարի չափով ապրանքներ:
Արտածման համար թիրախային երկիրներ նախանշուած են Իրանը, ԵՏՄ անդամ երկիրները, Մերձաւոր Արեւելքի երկիրները: «Ներդրումների գծով ընդհանուր կանխատեսումները գնահատում ենք շուրջ 350-400 միլիոն դոլար: Կը ստեղծուի մօտ 2500 աշխատատեղ», ըսած է Արամ Վարդանեան:
Ան նշած է, որ տարածքը պիտի ըլլայ ցանկապատուած, ինչպէս նաեւ տեղակայուած պիտի ըլլայ մաքսակէտ, ուր պիտի գործէ մաքսային դրութիւն: «Կը լինի արտադրական տարածք՝ 40,000 քմ. գրասենեակային՝ 10,000 քմ.: Կը լինի պահեստային տարածք, ինչպէս նաեւ բիզնես կենտրոն, որտեղ տեղակայուած կը լինեն բանկեր, ապահովագրական ընկերութիւններ, պետական ծառայութիւններ կը մատուցուեն, նօտարական գրասենեակ, սննդի կէտեր, կոնֆերանս դահլիճներ, ցուցահանդէսների կազմակերպման համար տարածքներ», նշած է ներդրումային ծրագրի բաժինի պետը:
«Ուսումնասիրելով թիրախային շուկաների կառուցուածքը, նախանշուել է գերակայ 6 հիմնական ուղղութիւն. գիւղմթերքի, սննդի վերամշակում, արդիւնաբերութիւն, մեքենաշինութիւն, քիմիական արդիւնաբերութիւն, նոր, բարձր տեխնոլոգիական նիւթերի արտադրութիւն, դեղագործութիւն եւ տեքստիլ արդիւնաբերութիւն», ըսած է Արամ Վարդանեան՝ աւելցնելով, որ ծրագիրի իրագործումը կ՛ենթադրէ պետութեան հետ սերտ համագործակցութիւն: