ԵՐԵՒԱՆ.– Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 20 Յունուարին ընդունած է Հայաստանի մէջ «Տաշիր» ընկերութիւններու խումբի ներկայացուցիչ Նարեկ Կարապետեանը:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են Արցախի մէջ տարբեր ծրագիրներու իրականացման առնչուող հարցեր:
Նախագահը բարձր գնահատած է «Տաշիր» ընկերութիւններու խումբի բարեսիրական գործունէութիւնը Արցախի մէջ՝ նշելով, որ անիկա մեծապէս կը նպաստէ երկրի շէնացման ու ժողովուրդի կենսապայմաններու բարելաւման՝ յոյս յայտնելով, որ հետագային եւս համագործակցութիւնը կը շարունակուի նոյն արդիւնաւէտութեամբ: