ԵՐԵՒԱՆ, «ՓանԱրմինիըն».– 2016ին «սիրտի անյետաձգելի վիրահատութեան ծառայութիւններ» ծրագիրով Հայաստանի 11 բժշկական հիմնարկի մէջ վիրահատութեան եւ սիրտի զսպանակի տեղադրման ենթարկուած է 1358 հիւանդ:
2016ին առողջապահութեան տարբեր ոլորտներու բարելաւման նպատակով կատարուած է ընդունուած եւ իրականացուած ռազմավարութիւններու ու ծրագիրներու արդիւնաւէտութեան գնահատում: Այդ նպատակով նախ մշակուած է գնահատման մեթոտաբանութիւն:
«Սրտի անյետաձգելի վիրահատութեան ծառայութիւններ» ծրագիրի արդիւնաւէտութեան գնահատման արդիւնքներով, Հայաստանի առողջապահութեան նախարարին հրամանով, պետութեան կողմէ երաշխաւորուած անվճար եւ արտօնեալ պայմաններով սիրտի վիրահատական ծառայութիւններ իրականացնող տասնմէկ բժշկական կազմակերպութիւններու մէջ որակի վերահսկման եւ ընթացիկ հարցերը կանոնակարգելու նպատակով 1 Սեպտեմբերէն 30 Դեկտեմբեր կատարուած է դիտարկում:
Լրամշակուած եւ հաստատուած է «Բնակչութեանը պետութեան կողմից երաշխաւորուած անվճար եւ արտօնեալ պայմաններով սրտի վիրահատական ծառայութիւններ» ու կազմակերպման չափորոշիչը, ինչպէս նաեւ զսպանակի տեղադրման ժամանակ օգտագործուող զսպանակի փաստաթուղթի բնօրինակի ամրագրումը հիւանդութեան պատմագիրին մէջ: Երկու եւ աւելի զսպանակի տեղադրման պարագային մշտադիտարկում կը կատարէ այդ նպատակով ստեղծուած աշխատանքային խումբը:
Ծրագիրի ներդրումն ու շարունակականութեան ապահովումը միտուած է սրտանօթային հիւանդութիւններէ մահացութեան, հիւանդացութեան, հաշմանդամութեան ցուցանիշներու կայուն բարելաւման, ինչպէս նաեւ սրտային ծառայութիւնները բնակչութեան համար մատչելի դարձնելուն: