ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ
ԳՐԻԳՈՐ ԵՊՍ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Փոխյարաբերական կեանքի դժուարագոյն երկու երեւոյթներն են սոյն վերնագիրին մէջ զետեղուածները՝ հասկնալ եւ համոզել: Իրարմէ տարբեր կարողութիւններով կը ծնին մարդիկ, թէպէտ բոլորն ալ ադամորդիներ են եւ բազմաթիւ նմանութիւններ ունին:
«Հասկացողութիւն ցուցաբերել» եւ «հասկնալ» եզրերը յաճախ խօսակցութեան ընթացքին կը նոյնացուին, թէեւ մեծ տարբերութիւն կայ անոնց միջեւ: Օրինակ՝ խօսուած լեզու մը հասկնալը, կամ՝ լսուած երաժշտութեան մը բառերը հասկնալը տարբեր են, քան՝ խնդիրի մը լուծման համար ցուցաբերուած հասկացողութիւնը, կողմերու միջեւ հաւասարակշռութիւնը պահող անձին միջոցաւ: Երբեմն հակառակորդ կողմերը իրե՛նք կրնան հասկացողութիւն ցուցաբերել հրատապ խնդիրին նկատմամբ եւ երկու կողմերուն համար ընդունելի արդիւնքի մը հասնիլ:
Մեր լեզուին մէջ, «հասկնալ» բայը կրնայ նաեւ «վերլուծել» բային հոմանիշ համարուիլ, երբ որեւէ խնդիր իր էութեան մէջ քննարկելու իմաստ տրուի այս բառին: Անձի մը կողմէ տրուած բացատրութիւնները լսելէ ետք, երբ ըսես՝ «հասկցա՛յ», կը նշանակէ թէ ըմբռնեցի՛ր տուեալ խնդիրը իր էութեան մէջ, կամ՝ գէթ թափանցեցիր անոր խորքը, իմանալով, թէ ո՞ւր է իսկական դժուարութիւնը: Ժողովրդային առածը կ՛ըսէ. «Գիտցար, թէ շան գլուխը ո՞ւր թաղուած է»:
Մեզի դիմող ոեւէ անձի խնդիրը լուծելու համար, ուրեմն նախ պէտք է հասկնանք, թէ տուեալ անձի կեանքին մէջ ստեղծուած դժուարութեան իսկական հանգոյցը ի՞նչ է: Խնդիրները, յատկապէս հայկական միջավայրի մէջ, կը բարդանան, որովհետեւ ճիշդ ժամանակին եւ ճիշդ ձեւով չե՛ն քննարկուիր: Օրինակ, ընտանեկան ամէնէն պարզ հարցէն սկսեալ մինչեւ ամէնէն բարդը եթէ քննարկէք, պիտի տեսնէք, որ պարզէն դէպի բարդացում ընթացքին պատճառը քննարկումի պակասն է, կամ ենթականերէն մէկուն կամ միւսին լուռ մնալը: Մեր տոհմային կամ ցեղային մօտեցումները միշտ ալ տարբեր եղած են օտարներէն: Ամօթի, ինչպէս նաեւ արժանապատուութեան զգացումները իւրայատուկ իմաստ ունին մեր ազգի պարագային: Ոմանք տուժած են այս պատճառներով, սակայն ազգային արժանապատուութիւնը բարձր պահած են: Հիները միշտ թելադրած են լուռ տանիլ նեղութիւնն ու տառապանքը, յիշեցնելով ոսկեայ առածը, որ կ՛ըսէ. «Լռութիւնը ոսկի է, իսկ խօսիլը՝ արծա»չ: Ժամանակները փոխուած են սակայն: «Ոսկին» ալ սկսեր է ժանգոտելու, այսինքն՝ լռութիւնը պատճառ սկսեր է դառնալու՝ ճշմարտութեան խեղաթիւրման: Երբ անձ մը, պահելու համար իր արժանապատուութիւնը, հին առածը յիշելով՝ կը լռէ, յանկարծ կը տեսնէ, որ այդ լռութիւնը ոսկիի արժէք չունի այլեւս, այլ՝ այդ «ոսկիիին» վրայ սկսեր է ժանգ կապելու, կեղտ ու մուրով սկսեր է գունափոխուելու անոր արտաքինը, այսինքն՝ սուտով ու չարաշահումով կերպարանափոխուելու սկսեր է ոսկեայ ճշմարտութիւնը, ի հեճուկս վեհանձն լռողին…
Վերոյիշեալ վերլուծումը ցոյց կու տայ, թէ տուեալ կացութիւն մը հասկնալու կոչուած երկու կողմեր կան, կամ՝ լաւ եւս, այդ կողմերէն իւրաքանչիւրը «հասկնալու» ի՛ր ձեւը ունի: Այդ երկու կողմերը, բնականաբար, իրարու հակառակորդ կողմերն են: Իսկ կարելի՞ է պատկերացնել, որ հակառակ կողմերը նոյն ձեւով նային ու տեսնեն իրենց միջեւ դժուարութիւն յառաջացուցած խնդիրը… Բնականաբար՝ ո՛չ: Ուրեմն, մէկուն ոսկի նկատածը, միւսին համար թիթեղ է: Դարձեալ առածը կ՛ըսէ, թէ գիւղացին իր պատրաստած թանը թթու չի՛ համարեր, եթէ նոյնիսկ անիկա թթու է:
Անձնական շահը մե՛ծ դերակատարութիւն ունի խնդիրներուն մօտենալու հարցին մէջ: Մարդ կայ, որ որեւէ հարցի մէջ եթէ մասնաւոր անձնական շահ չտեսնէ, հետաքրքրութիւն չի՛ ցուցաբերեր: Իր դիմաց պատահած դէպքի մը մասին երբ հարցուի անոր, եթէ անձնական շահ չունենայ, կրնայ պարզապէս ուրանալ, ըսելով թէ ինք բա՛ն չտեսաւ:
Տուեալ խնդիրի մը խորքը թափանցելը, այսինքն զայն իր էութեան մէջ լաւապէս ճանչնալը, մեզ կ՛առաջնորդէ ներքին համոզում գոյացնելու այդ մասին: Սա երանական այն վիճակներէն մէկն է բացառիկ մարդոց կեանքին մէջ, որ ո՛չ միայն ինքնավստահութիւն կը շնորհէ տուեալ անձին, այլեւ յստակատեսութիւն: Եւ ի՜նչ կ՛ուզէ մարդ այս երկու աստուածատուր շնորհքներէն բացի, եթէ հասնի նման բարձունքի…
_ Ինքնավստահութիւն եւ յստակատեսութիւն:
Ո՞վ կրնայ տապալել քեզ, երբ ինքնավստահ ես, եւ ո՞վ կրնայ խաբել քեզ, երբ յստակատես ես… Իսկ այս երկուքին մեր մէջ թոյլ ըլլալուն հետեւանքով չէ՞ որ կը տառապինք յաճախ… Ինքնավստահութեան պակասը մեզ կը մղէ կասկածներու, իսկ յստակատեսութեան պակասի հետեւանքով ալ յաճախ կը խաբուինք ստախօս ու խաբեբայ մարդոց շողոքորթութիւններէն ու կը հաւատանք անոնց…
Ներքին համոզումի հասնելու երանական վիճակէն անկախ, երկրորդ աշխատանք մըն է ուրիշը համոզելու դժուարին գործը: Այս աշխատանքը դժուարին անուանեցինք, որովհետեւ մեր անձէն դուրս՝ ուրիշին հետ ըլլալիք գործ է: Միշտ կ՛ըսենք՝ եթէ միայն ես ըլլամ որոշողը, արդէն գործին կէսը աւարտած կ՛ըլլայ: Սակայն, քանի որ մէկէ աւելի անձերով պիտի որոշենք այդ՝ գործը կ՛երկարի:
Ներքին համոզում գոյացնելուն պէտք է յաջորդէ ուրիշը համոզելու գործը: Եթէ չկայ առաջինը, երկրորդը անհիմն եւ անարժէք, նոյնիսկ կեղծ պիտի թուի դիմացինին: Ներքին համոզում գոյացուցած ըլլալուդ կնիքը, աչքերուդ հայելիին մէջ յստակ կ՛երեւի, եւ պէտք չես ունենար յաւելեալ փաստեր ներկայացնելու: Ճիշդ նոյն ձեւով ալ, նոյն՝ աչքերուդ հայելիին մէջ կ՛երեւի ներքին համոզում գոյացուցած չըլլալդ…
Ներքին համոզում գոյացուցած ըլլալդ վստահութիւն պիտի ներշնչէ անոր, զոր կ՛ուզես համոզել: Երբ ճշմարտապէս հասկցած ես խնդիրը, արդէն ատիկա ներքին համոզումդ պիտի դառնայ, ու անոր մասին բացատրութիւն տալը եւ դիմացինդ համոզելը՝ շատ հեշտ աշխատանք: Որովհետեւ ներքին համոզում ունենալդ վստահութիւն պիտի ներշնչէ, թէ իսկապէս հասկցած ես տուեալ խնդիրը:
Իսկապէս հասկնալ կը նշանակէ նաեւ հասկացողութիւն ցուցաբերել: Ահա թէ ո՞ւր կը նոյնանան այս երկու եզրերը: Հասկացողութիւն ցուցաբերել կը նշանակէ նաեւ սեփական մորթի վրայ զգալ այն, ինչը կը զգայ տառապող կամ դժուարութեան մէջ գտնուող անձը: Իսկ եթէ հասած ենք այս մակարդակին, այնքան դիւրաւ պիտի կարողանանք համոզել նեղութեան մէջ յայտնուած անձ մը: Անիկա պիտի վստահի մեզի անվերապահ, հետեւելով մեր տուած խորհուրդներուն եւ կատարած ցուցմունքներուն:
Թելադրելի է, անշուշտ, բնա՛ւ չձեռնարկել որեւէ միջամտութեան, եթէ չենք հասկցած խնդիր մը: Վատնուած ժամանակ, քայքայուած ջիղեր, աւելորդ յոգնութիւն, բացայայտ վարկաբեկում եւ վիրաւորուած արժանապատուութիւն միայն պիտի մնան մեզի իբրեւ «գնահատանք» կամ «վարձատրութիւն», մեր կատարած աշխատանքին դիմաց: Ուստի, լաւագոյն է հասկնալ եւ ապա համոզել, առաջին իբրեւ քայլ՝ ներքին համոզում գոյացնելու յաւելեալ ճիգ թափելով:
Կրկնելու գնով պէտք է յիշեցնել, թէ ներքին համոզում գոյացնելու պարագային ինքնավստահութեան եւ յստակատեսութեան շնորհքներով պիտի պաշտպանուինք, որոնք ամէնէն դիմացկուն նիւթով պատրաստուած վահանէն աւելի ուժեղ սպառազէն են մեր կեանքին համար: