ԵՐԵՒԱՆ.– Հայաստանի ճատրակի տղամարդոց 77րդ ախոյեանը Յովհաննէս Գաբուզեանն է: Այս ախոյեանութեան յաղթողը որոշուած է միայն վերջին հանգրուանին: 9 կարելիէն հաւաքելով 5.5 միաւոր՝ Հայաստանի նոր ախոյեան դարձաւ Յովհաննէս Գաբուզեան, որ վերջին հանգրուանին յաղթեց Զաւէն Անդրիասեանին: Երկրորդ եւ երրորդ դիրքերը, 5ական կէտերով, կիսեցին Տիգրան Պետրոսեան եւ Հայկ Մարտիրոսեան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.