ՊԸՐՊԵՆՔ.- ՀՅԴ Օրուան տօնակատարութեան գլխաւոր պատգամաբերի հանգամանքով Լոս Անճելըս գտնուող Արցախի Ազգային ժողովի պատգամաւոր Արմէն Սարգսեանը Չորեքշաբթի, 18 Յունուարին, ընկերակցութեամբ ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի քաղաքական ներկայացուցիչ Աւետիք Իզմիրլեանի՝ այցելեց Արեւմտեան Ամերիկայի Էջմիածնական թեմի առաջնորդարանը եւ հանդիպում ունեցաւ առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի հետ:
Սարգսեան սրբազան հօր ներկայացուց Արցախի ներկայ վիճակը եւ հանրապետութեան դիմագրաւած ներքին տնտեսական եւ արտաքին քաղաքական մարտահրաւէրները: Սրբազան հայրը, իր կարգին, պատրաստակամութիւն յայտնեց շարունակելու Արցախին աջակցելու նպատակով թեմին ձեռնարկած աշխատանքները:
Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Թեմական խորհուրդի ատենապետ Յովսէփ Կանիմեան:
Յաջորդ օրը՝ Հինգշաբթի, 19 Յունուարին, Արմէն Սարգսեան, դարձեալ Աւետիք Իզմիրլեանի ընկերակցութեամբ, այցելեց Լոս Անճելըսի մէջ Հայաստանի հիւպատոսարանը, ուր զինք դիմաւորեց ՀՀ հիւպատոս, արտակարգ դեսպանորդ Վալերի Մկրտումեանը: