ՊՈԼԻՍ.- Յունուար 19ին, Անգարայի մէջ ոստիկանութիւնը յարձակած է Հրանդ Տինքի յիշատակին կազմակերպուած երթի մասնակիցներուն վրայ. այս մասին կը հաղորդէ «Ակօս» թերթը:
Անգարայի մէջ Հրանդի յիշատակի նախաձեռնութիւնը յայտարարութիւն մը տարածած էր՝ Եուքսել պողոտային վրայ, Յունուար 19ին յիշատակի արարողութիւն կազմակերպելու մասին: Արարողութեան պիտի մասնակցէին նաեւ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան եւ քեմալական Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան անդամ պատգամաւորներ: Սակայն, աւելի ուշ, արարողութիւնը արգիլուած էր, իսկ խումբին թոյլատրուած էր միայն մէկ վայրկեաննոց յարգանքի երթ մը կազմակերպել:
Յարգանքի երթէն ետք, երթի մասնակիցներուն կողմէ կարգախօս հնչեցուելու պատճառաբանութեամբ, ոստիկանութիւնը յար-ձակեցաւ խումբին վրայ: Խումբի որոշ անդամներ ծեծի ենթարկուեցան:
Նշենք, որ Անգարայի մէջ Յունուար 10էն սկսեալ, մէկ ամիսով արգիլուած են բոլոր ցոյցերն ու հաւաքները: