ԵՐԵՒԱՆ.- Քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան հայազգի երեսփոխան Կարօ Փայլանի դէմ ազգայնամոլ թուրքերու բողոքի ձայները կը շարունակուին մեծ սաստկութեամբ։
Կարօ Փայլան «Թերթ» կայքին հարցազրոյց մը տալով՝ անդրադարձաւ իրեն դէմ կատարուածին։ Ան ըսաւ, որ դժբախտաբար զինք թիրախ դարձուցած են ու այժմ ինք վտանգի մէջ է, բայց իր կարծիքով՝ ներկայիս Թուրքիոյ մէջ բոլո՛րն ալ վտանգի մէջ են, քանի որ երկրէն ներս ազգայնական տրամադրութիւններ կը տիրեն, իսկ սահմանադրական հանրաքուէով այդ տրամադրութիւնները աւելի՛ եւս պիտի ամրանան։
Կարօ Փայլանի համաձայն՝ նոր սահմանադրութեամբ՝ այլախոհ կուսակցութիւններու ղեկավարները կա՛մ պիտի լռեն, կա՛մ պիտի դառնան ընդյատակեայ գործիչներ, ինչ որ բռնատիրական քաղաքականութեան արդիւնք կրնայ ըլլալ։ Հայազգի երեսփոխանը դիտել տուաւ, թէ հայերը Թուրքիոյ մէջ փոքրամասնութիւն են, եւ թէ ինք մտահոգ է համայնքին ապագայով։ «Ես միայն հայ համայնքին համար չեմ անհանգստանար. կ՛անհանգստանամ Թուրքիոյ մէջ ապրող կրօնական այլ փոքրամասնութիւններուն համար եւս», ըսաւ ան։
Փայլան, որ իբրեւ պատիժ՝ խորհրդարանական երեք նիստերէ հեռացուած է, նշեց, որ պիտի շարունակէ պատիժէն ետք նոյն կերպով աշխատիլ խորհրդարանին մէջ։