ԵՐԵՒԱՆ, «Փաստինֆօ».- Հայաստանի Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու մնայուն յանձնաժողովի նախագահ Արտակ Զաքարեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը հանդիպում ունեցած է Քնեսեթի նախագահ Եուլի Էտելշթայնի հետ։ Այս մասին յայտնած է Հայաստանի Ազգային ժողովի հասարակութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութիւնը:
Ողջունելով հայկական պատուիրակութիւնը՝ Եուլի Էտելշթայն կարեւոր նկատած է միջխորհրդարանական կապերու զարգացումը, հայ եւ հրեայ ժողովուրդներուն միջեւ դարաւոր բարեկամութիւնը եւ յայտնած իր պատրաստակամութիւնը՝ այսուհետեւ եւս ջանքեր ներդրելու տարբեր ոլորտներու մէջ համագործակցութեան համար՝ մասնաւորապէս ընդգծելով մշակոյթի, զբօսաշրջութեան, տնտեսութեան եւ յատկապէս գիւղատնտեսութեան ոլորտները: Ան կարեւոր նկատած է նաեւ հայ եւ հրեայ համայնքներուն ունեցած դերակատարութիւնը՝ պետութիւններու զարգացման առումով:
Քնեսեթի նախագահը վերահաստատած է իր դիրքորոշումը, որ կանուխ թէ ուշ Քնեսեթը պիտի ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ ափսոսանք յայտնած է այն մասին, որ առ այսօր Հայոց Ցեղասպանութիւնը պաշտօնապէս չէ ճանչցուած Քնեսեթի կողմէ, սակայն վերջին շրջանին այդ ուղղութեամբ քայլեր առնուած են:
«Ես այդքան ալ հպարտ չեմ այն փաստով, որ Իսրայէլը տակաւին չէ ճանչցած Հայոց Ցեղասպանութիւնը, բայց, այնուամենայնիւ, այդ ուղղութեամբ արդէն առկայ է որոշ յառաջխաղացք», յայտնած է ան։
Եուլի Էտելշթայն նաեւ յոյս յայտնած է, որ ապագային կարելի պիտի ըլլայ գտնել խաղաղ լուծուներ չկարգաւորուած հակամարտութիւններուն համար: Ան խոստացած է աջակցիլ Իսրայէլի եւ Հայաստանի միջեւ բարձրաստիճան պաշտօնեաներու միջեւ հանդիպումներու յաճախակի կազմակերպման, ինչպէս նաեւ միջխորհրդարանական աշխոյժ յարաբերութիւններու պահպանման։
Արտակ Զաքարեան, շնորհակալութիւն յայտնելով հրաւէրին եւ ընդունելութեան համար, անգամ մը եւս ընդգծած է միջխորհրդարանական յարաբերութիւններու դերը միջպետական յարաբերութիւններու զարգացման, հասարակութեան միջեւ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ունեցող ոլորտներու մէջ միացեալ ծրագիրներու իրականացման, ինչպէս նաեւ քաղաքական երկարատեւ փոխգործակցութեան առումով: Արտակ Զաքարեան կարեւոր նկատած է Ազգային ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեանի եւ Քնեսեթի նախագահ Եուլի Էտելշթայնի կողմէ վերջերս ստորագրուած միջխորհրդարանական փոխըմբռնման յուշագիրը, ինչպէս նաեւ վերջերս Երեւանի մէջ ձեւաւորուած «Հայ-իսրայէլեան միջազգային հասարակական ֆորումը»՝ որպէս միջխորհրդարանական բարեկամական խումբերու գործունէութեան զարգացման ու ընդլայնման համար իրաւական եւ հասարակական հիմք:
Արտակ Զաքարեան ներկայացուցած է նաեւ տարծաշրջանին մէջ տիրող իրավիճակը եւ անոնց հանգուցալուծման վերաբերեալ հայկական դիրքորոշումները:
Հանդիպման աւարտին Եուլի Էտելշթայն յաջողութիւն մաղթած է Հայաստանի խորհրդարանին յառաջիկայ ընտրութիւններու կազմակերպման առումով եւ յոյս յայտնած, որ նորընտիր խորհրդարանին մէջ եւս հայ-իսրայէլական կապերը աշխոյժ կ՛ըլլան:
Նոյն օրը Քնեսեթի լիագումար նիստին Քենեսեթի նախագահը յատուկ ուղերձով ողջունած է հայկական խորհրդարանական պատուիրակութիւնը՝ դիտել տալով, որ հայ եւ հրեայ ժողովուրդները ունեցած են նմանատիպ ընդհանրութիւններ իրենց ամբողջ պատմութեան ընթացքին: «20րդ դարուն մեր ժողովուրդները ապրած են սարսափելի ողբերգութիւններ՝ կանգնելով ոչնչացման սպառնալիքին առջեւ: Մենք հայ ժողովուրդը կը նկատենք բարեկամ, եւ յոյս ունինք զարգացնել մեր կապերն ու համագործակցութիւնը նաեւ մշակոյթի, զբօսաշրջութեան, տնտեսութեան, եւ յատկապէս գիւղատնտեսութեան ոլորտներուն մէջ:
Վերջին շրջանին ասիկա Հայաստանի խորհրդարանական պատուիրակութեան երկրորդ այցելութիւնն է Իսրայէլ: Մենք յոյս ունինք, որ յաճախակի կը դառնան խորհրդարանականներուն փոխայցելութիւնները՝ նպատակ ունենալով աւելի լաւ ճանչնալ եւ հասկնալ իրար։
Հայաստանը, Իսրայէլի նման, ունի մեծ սփիւռք, յատկապէս Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի մէջ։ Հրեայ ժողովուրդին նման, հայերը եւս ամուր կապուած են իրենց հայրենիքին: Հայկական Սփիւռքը թիւով շատ աւելի մեծ է, քան Հայաստանի բնակչութիւնը, բան մը, որ բնորոշ է նաեւ հրեայ ժողովուրդին: Մենք յոյս ունինք համագործակցիլ ձեզի հետ՝ փոխանակելով մեր իմացութիւնները եւ փորձը սփիւռքի հետ կապերու պահպանման առումով», յայտնած է Եուլի Էտելշթայն։