ՊԼՈԻՍ, «Մարմարա».- Ներկայի Թուրքիոյ Էլէազըղ (պատմական Խարբերդ) քաղաքին մէջ գտնուող կիսաւեր հայկական եկեղեցին վերածուած է կայանատեղիի: Շուրջ 200 տարիներ հայ եւ ասորի ժողովուրդին համար իբրեւ աղօթատեղի ծառայած հայկական բողոքական սոյն եկեղեցւոյ պատերուն վրայ այսօր կարելի է տեսնել կայանատեղիի տէրերուն կողմէ փակցուած գովազդային վահանակներ:
Վկայակոչելով թրքական «Ev-rensel» լրատուական կայքը՝ «Էրմենիհապեր» կայքը կը նշէ, թէ Տիգրանակերտի մշակութային յուշարձաններու պահպանութեան վարչութեան պատասխանատուութեան տակ գտնուող այս եկեղեցին, նախապէս օգտագործուած է իբրեւ ալիւրի գործարան եւ առեւտուրի կեդրոն:
Տեղացի բնակիչներէն մէկը, նշելով, թէ ասիկա առաջին դէպքը չէ, երբ քրիստոնէական յուշարձան մը կ՛արժանանայ նման ճակատագիրի՝ աւելցուցած է. «Նախապէս մեր պապերուն՝ ոչ մահմետական հարեւաններու հետ ապրած ժամանակներուն մասին յիշեցնող միակ ժառանգութիւնը այս պատմական եկեղեցին էր: Իսկ այսօր այդ ժառանգութիւնը վերանալու վտանգին առջեւ կը գտնուի»:
While Armenians make sure Islamic mosques not only don’t get destroyed or misused, the get taken care of.