ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Արամ Ա. կաթողիկոս Հալէպ իր կեցութեան ընթացքին հերթաբար ընդունեց քաղաքական եւ հոգեւորական բարձրաստիճան դէմքեր եւ ներկայացուցիչներ: Այսպէս՝
ա.- Սուրիոյ խորհրդարանի Հալէպի երեսփոխանները, որոնք եկած էին շնորհաւորելու վեհափառ հայրապետը՝ Սուրիոյ նախագահ Ասատի հետ Դամասկոսի մէջ իր ունեցած հանդիպումին համար: Նշենք, որ Սուրիոյ մէջ յատուկ ուշադրութեամբ ողջունուեցաւ Արամ Ա. կաթողիկոսի այցելութիւնը Դամասկոս եւ Հալէպ:
բ.- Հալէպի մէջ գործող իսլամ հոգեւորականներ, որոնք եկած էին գնահատելու վեհափառ հայրապետին բերած նպաստը քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան ծիրէն ներս, եւ ունկնդրելու միաստուածեան զոյգ կրօններուն համագործակցութեան գծով վեհափառին կարծիքը: Այս առիթով Արամ Ա. հայրապետ յիշեցուց, թէ Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնեաները եկ-ուորներ չեն, այլ անքակտելի մասը կը կազմեն այս շրջանին։
գ.- Հալէպի քրիստոնեայ բոլոր համայնքապետները, որոնք սրտ-բաց զրոյց ունեցան վեհափառին հետ, իմանալու համար շարք մը հարցերու գծով անոր տեսակէտները: Անոնք սոյն հանդիպումը պատեհ առիթ նկատեցին շնորհակալութիւն յայտնելու Արամ Ա. կաթողիկոսին, քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան ու գործակցութեան մէջ անոր տարած հաւասարակշռուած գործունէութեան համար: Իր կարգին, վեհափառ հայրապետը թելադրեց միջեկեղեցական գոհաբանական յատուկ աղօթք մը կազմակերպել՝ Հալէպի ազատագրման առթիւ:
դ.- Հալէպի նահանգապետն ու կուսակցապետը, որոնք եկած էին շնորհաւորելու վեհափառ հայրապետը Հալէպ իր պատմական այցելութեան համար:
ե.- Հալէպի Պետական համալսարանի տնօրէնը եւ դասախօսական կազմը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, որոնք եկած էին հրաւիրելու վեհափառ հայրապետը Հալէպի համալսարանին մէջ դասախօսութիւն մը տալու:
Յայտնենք նաեւ, որ Հալէպ իր երկօրեայ կեցութեան ընթացքին, Արամ Ա. վեհափառը այցելեց Հայ կաթողիկէ եւ Հայ աւետարանական եկեղեցիները, ուր դիմաւորուեցաւ մեծ թիւով հաւատացեալներու ծափողջոյններով եւ հոգեւոր առաջնորդներու բարի գալուստի խօսքերով:
Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ համայնքապետ Պետրոս արք. Միրիաթեան, վեհափառ հայրապետին Հալէպ այցելութիւնը անուանեց օրհնաբեր եւ գօտեպնդող, իսկ Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ համայնքապետ վեր. Յարութիւն Սելիմեան, 5 տարիներու տառապանքէն ետք վերանորոգող եւ յուսադրող համարեց կաթողիկոսին սոյն այցելութիւնը։