ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) ընդհանուր քարտուղար Նիքոլայ Պորտիւժա Տաւուշի մէջ արձանագրուած վերջին իրադարձութիւններուն վերաբերեալ յայտարարութիւն մը հրապարակած է ու նշած, թէ ՀԱՊԿն Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանի Հանրապետութեան Տաւուշի մարզի Չինարի գիւղին մօտ կատարուած ներթափանցման փորձը կը նկատէ սադրանք։
«ՀԱՊԿի քարտուղարութիւնը խիստ մտահոգութեամբ տեղեկացաւ Հայաստանի Հանրապետութեան Չինարի գիւղին մօտ տեղի ունեցած միջադէպին մասին։ ՀԱՊԿի անդամ պետութեան տարածքին մէջ տեղի ունեցած այս գործողութիւնները կը նկատենք սադրիչ, մասնաւորաբար այս տարուան Ապրիլին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մէջ արձանագրուած բաւական ծանր միջադէպին լոյսին տակ, որուն ընթացքին օգտագործուեցան ծանր զէնքեր։
Կը թուէր, որ երկու կողմերուն, ինչպէս նաեւ շարք մը պետութիւններու գործադրած ջանքերուն շնորհիւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հոլովոյթը ի վերջոյ աւելի պիտի աշխուժանայ։ Սակայն վերջին շրջանին զինադադարի դրութեան խախտումներուն վերաբերեալ տեղեկութիւնները, առաւել եւս 29 Դեկտեմբերի միջադէպը, որ պատճառ դարձած է զինուորներու մահուան, լուրջ մտահոգութիւն կը յառաջացնեն», յայտարարած է Պորտիւժա։
Նշենք, որ Պորտիւժայի յայտարարութեան մէջ տեղ գտած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտօնական անունը, ինչ որ մեծ աղմուկ բարձրացուցած է ատրպեճանական մամուլին մէջ: