ՊՈՒԷՆՈՍ ԱՅՐԵՍ.- Արժանթինահայ համայնքի հաստատութիւններու համագործակցութիւնը ունի երկար պատմութիւն: Դեկտեմբեր 27ին սակայն, համայնքային քաղաքական, ընկերային, բարեսիրական, մարզական, կրօնական եւ մշակութային հաստատութիւնները սկիզբ դրին այդ համագործակցութիւնը կազմակերպական կառոյցի վերածելու գործընթացին: Այդ օր, երե-կոյեան ժամը 7ին, Պուէնոս Այրեսի Ազգային առաջնորդարանի սրահին մէջ, հովանաւորութեամբ թեմի առաջնորդ Գիսակ արք. Մուրատեանի, համայնքի ութ հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ ստորագրեցին համայնքային հաստատութիւններու համակեցութեան, համագործակցութեան եւ համակարգումի «Հիմնական Համաձայնագիր» մը եւ հրաւիրեցին բոլոր հաստատութիւնները որդեգրելու անոր վեց կէտերը՝ որպէս առաջին քայլ, մաս կազմելու համար նորաստեղծ կառոյցին:
Ինչպէս այդ քայլը նախաձեռնած հաստատութիւններու ներկայացուցիչները սրբազանի բացման խօսքէն եւ աղօթքէն ետք բացատրեցին ներկաներուն, նման մարմինի յառաջացման անհրաժեշտութիւնը զգացուած է շատոնց, երկու նախընթացներ հիմք հանդիսացած են անոր գործնականացման քայլերուն սկիզբ տալու: Առաջինը՝ 2010 Մայիսին, հաստատութիւններու արագ եւ համատեղ հակազդեցութիւնն էր Թուրքիոյ օրուան վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի այցելութեան առիթով մայրաքաղաքի գլխաւոր պողոտաներէն մէկուն վրայ Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթուրքի կիսանդրիի զետեղման պաշտօնական արարողութիւնը ձախողեցնելու համար: Ընդ որում, երկրի թրքական դեսպանատան կողմէ անաղմուկ եւ ապօրինի կերպով պատրաստուած այս քայլին մասին միայն մէկ շաբաթ առաջ իմանալէ ետք, համայնքային հաստատութիւնները կրցան համապատասխան քայլերով կասեցնել ծրագիրը, որուն արդիւնքով ալ Էրտողան ջնջեց իր պաշտօնական այցելութիւնը: Երկրորդը՝ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի ոգեկոչման գտած յաջողութիւնն է, որուն մէջ անհրաժեշտ է առանձնացնել Ֆրանսիս Ա. պապին մատուցած Ս. պատարագը Վատիկանի մէջ եւ անոր գտած միջազգային քաղաքական հնչեղութիւնը: Յիշեցնենք, որ նախքան Հռոմի պապ ընտրուիլը՝ Մարտ 13, 2013ին, որպէս Պուէնոս Այրէսի քարտինալ, Մարիօ Պերկոլիօ սերտ յարաբերութիւններ մշակած էր հայ համայնքին եւ մասնաւորաբար թեմի առաջնորդ սրբազանին հետ եւ բազմաթիւ առիթներով հրապարակային կերպով արտայայտուած էր ի խնդիր Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման: 100ամեակի համայնքային յանձնախումբի գործադիր խորհուրդի ոլորտին մէջ էր, որ անցնող ամիսներուն քննարկումներ տեղի ունեցան յանձնախումբին աւելի մշտական դրոյթ տալու հարցին շուրջ: Այդ քննարկումները գործնական գետնի վրայ չդրուեցան աւելի շուտ, տարուան ընթացքին, պարզապէս որովհետեւ յանձնախումբը դէմ յանդիման եկաւ հաւաքական զօրաշարժի անակնկալ եւ շուտափոյթ անհրաժեշտութիւններու, ինչպիսին էր, ի մասնաւորի, ապրիլեան չորսօրեայ պատերազմը:
Յանձնախումբի գործօն անդամներէն Հայաստանեաց առաքելական եկեղեցւոյ Կեդրոնական վարչութեան նախկին ատենապետ Ալպերթօ Ճերեճեանի անակնկալ մահը նաեւ իր անդրադարձը ունեցած էր գործընթացի դանդաղեցման վրայ: Սակայն, Հոկտեմբերի աւարտին, գործադիր խորհուրդի նախաձեռնութեամբ յառաջացաւ աշխատանքային յանձնախումբ մը՝ բաղկացած հետեւեալ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներէն. Հայաստանեաց առաքելական եկեղեցւոյ Կեդրոնական վարչութիւն, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն, Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութիւն, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւն, Արժանթինահայ մշակութային միութիւն, Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւն, Հայաստան հիմնադրամ եւ «Արարատ» օթեակ: Յանձնախումբը հետեւողական նիստերու ընթացքին դրաւ աշխատանքային ծրագիր մը՝ իր ժամկէտներով:
Մանրամասնելով այդ ժամկէտներն ու նպատակադրուած կառոյցի բնոյթը, յանձնախումբի ներկայացուցիչները յստակացուցին, որ Հիմնական համաձայնագիրի ստորագրման ու ներկայացման պիտի յաջորդեն կառոյցի անուանակոչումը, աշխատանքային մեքանիզմի յառաջացումը եւ ընդհանուր կանոնագրութեան պատրաստութիւնը, որ նախատեսուած է յաջորդ երեք ամիսներուն, երբ հարաւային կիսագունդի ամառնային արձակուրդներու եղանակն է, որպէսզի վերամուտին, Մարտ-Ապրիլ 2017ին, կառոյցը արդէն ամբողջականօրէն գործելու սկսի:
Համայնքային ներկայացուցչութիւն ըլլալու հաւակնութիւն չկայ, ոչ ալ նման ծրագիր անմիջական հանգրուանին, յստակացուցին անոնք, թէեւ չի բացառուիր, որ ապագային կառոյցը վերաճի համայնքային ներկայացուցչութեան: Կառոյցը պիտի ձգտի հիմնականին մէջ աւելի կազմակերպուած ու արդիւնաւոր կերպով համակարգել հաստատութիւններու աշխատանքները, առանց արգելք հանդիսանալու որ անոնցմէ իւրաքանչիւրը իր առաքելութիւնը յառաջ տանի:
Առաւել, կառոյցը միջոց պիտի ստեղծէ, որ համատեղ խնդիրներ վերածուին համայնքային օրակարգի եւ միասնական ճիգերով մտածուի համապատասխան լուծումներու մասին: Առ այդ, կառոյցը պիտի ըլլայ հորիզոնական, թափանցիկ, ժողովրդավար եւ անոր մաս պիտի կարենան կազմել բոլոր այն հաստատութիւնները, որոնք պաշտօնականօրէն կ՛որդեգրեն Հիմնական համաձայնագիրի վեց կէտերը որպէս սկզբունք: Այդ փաստաթուղթը պիտի ուղարկուի համայնքային բոլոր կազմակերպութիւններուն, ներառեալ Պուէնոս Այրեսէն դուրս գտնուողներուն, ի մասնաւորի՝ Քորտոպա, Ռոսարիօ, Մար Տել Փլաթա, Միսիոնես եւ Նէուքէն, ուր կան հայկական հաստատութիւններ, առաջարկելով բոլորին որդեգրելու զայն:
Ներկաներու հարցումներուն գոհացուցիչ պատասխաններ տալէ ետք ընթերցուեցաւ նիստին ատենագրութիւնը որպէս կառոյցի ստեղծման գործընթացի առաջին հանգրուանի գործնականացում, եւ ութ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ առաջնորդ սրբազանը ստորագրեցին Հիմնական համաձայնագիրի վեց կէտերը պարունակող փաստաթութը:
Նշենք, որ այդ փաստաթուղթին նախընթացը սկզբնական հինգ կէտերով առաջարկուած էր Մայիս 2010ին, երբ Աթաթուրքի կիսանդրիի տեղադրման ձախողեցման առիթով Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Հարաւային Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէն կազմակերպեց յատուկ ընթրիք մը, որուն հրաւիրուեցան համայնքի բոլոր կազմակերպութիւնները, եւ անոր աւարտին սեղանին վրայ դրուեցաւ համագործակցութեան ընդհանուր համաձայնագիրի մը հինգ սկզբունքներու առաջարկը: Յաջորդ տարիներու ընթացքին տեղի ունեցան միջկազմակերպական երկկողմանի թէ բազմակողմանի բազմաթիւ հանդիպումներ, որոնց ընթացքին զարգացաւ սոյն գաղափարը: ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի նախաձեռնութեամբ եւ գաղափարակից միութիւններու՝ ՀՕՄի, ՀՄԸՄ եւ Համազգայինի, մասնակցութեամբ կազմակերպուած տարածաշրջանային ղեկավարական պատրաստման սեմինարներէն մէկուն հրաւիրուած էր ներկայիս ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մուրատ Փափազեան, որ ներկայացուցած էր Ֆրանսայի համայնքային կազմակերպական կառոյցի ստեղծումն ու աշխատանքային մեքանիզմը, որ նաեւ քննարկման առարկայ եղած էր: 2010 թուականը յատկանշուեցաւ նաեւ Պուէնոս Այրեսի մէջ Ատրպէյճանի դեսպանատան բացումով եւ յաջորդ ամիսներուն թուրք-ատրպէյճանական համատեղ դիւանագիտութեան եւ հակահայ արշաւի շատ արագ մագլցումով, որ ընթացք տուաւ հայկական դիւանագիտութեան աշխուժացման եւ համայնքային կազմակերպութիւններու հետ աւելի սերտ համակարգումի անհրաժեշտութեան: Այս մարտահրաւէրներու շարքին պէտք է աւելցնել կիւլենական շարժման լուռ ներթափանցումն ու տարածումը Հարաւային Ամերիկայի եւ յատկապէս Արժանթինի մէջ, որուն ներքին ծալքերը երեւան հանեց Փապլօ Քենտիքեանի կատարած հրապարակագրական հետազննութիւնը, որ սպաներէն առանձին գիրքով մը լոյս տեսաւ 2014ին եւ վերածուեցաւ լրագրողներու համար տեղեկատուական աղբիւրի: Համայնքի հաստատութիւններու եւ դեսպանատան սերտ համագործակցութիւնը, յատկապէս 2012-2014 տարիներուն, չէզոքացնելու համար թուրք-ատրպէյճանական բացայայտ թէ ոչ-բացայայտ հակահայ արշաւը՝ արագօրէն արդիւնաւորուեցաւ: ՀՀ Նախագահ Սերժ Սարգսեանի Յուլիս 2014ին տարածաշրջան կատարած այցելութեան յաջողութիւնը այդ համագործակցութեան ամենաակնյայտ երեւոյթն է:
Արժանթինի մէջ հայկական կազմակերպուած համայնք գոյութիւն ունեցած է դեռեւս 19րդ դարու վերջաւորութենէն: 1983ին ժողովրդավարութեան վերադարձէն ետք Հայ Դատի աշխատանքները իրերայաջորդ յաջողութիւններ արձանագրեցին, անոնց կարգին ըլլալով նախագահ Ռաուլ Ալֆոնսինի Ցեղասպանութեան ճանաչումը 1987ին, 2006ին Ցեղասպանութեան օրէնքը, որ ուժի մէջ մտաւ յաջորդ տարուան սկիզբը՝ Նեսթոր Քիրչների նախագահութեան օրօք եւ արժանթինեան ատեանի մը կողմէ Ցեղասպանութեան ճանաչման նախընթացը 2011ին: Ընդ որում, Արժանթինի պարագան ցարդ աշխարհի մէջ բացառիկ այն երեւոյթն է, ուր Ցեղասպանութիւնը ճանաչում գտած է Օրէնսդիր, Գործադիր եւ Արդարադատական իշխանութիւններուն կողմէ: Նման յառաջընթացի ամրագրումն ու զարգացումը, նաեւ համայնքի դիմագրաւած մեծ մարտահրաւէրները, որոնց շարքին՝ արդէն հասակ առնող չորրորդ հայ սերունդին հայեցի դաստիարակութիւնն ու հայախօսութիւնը, ինչպէս նաեւ հայրենիքի եւ Սփիւռքի այլ համայնքներու հետ մշտական կապը՝ հիմնական պատճառներ են համայնքին համար ձգտելու կազմակերպական կուռ կառոյց մը ստեղծելու:
Ստորեւ՝ ստորագրուած փաստաթուղթին բովանդակութիւնը.
Համայնքային Հաստատութիւններու Համակեցութեան, Համագործակցութեան եւ Համակարգումի Հիմնական Համաձայնագիր
Ա. Հայ ժողովուրդին դէմ գործադրուած 1915-1923 Ցեղասպանութեան հետեւանքներու բարոյական եւ նիւթական հատուցման պահանջատիրութիւն Թուրքիայէն՝ որպէս ոճիրին պատասխանատու Օսմանեան կայսրութեան ժառանգորդ պետութիւն:
Բ. Դատապարտում Հայոց Ցեղասպանութեան լռեցման, մոռացման, հարցադրումի, ժխտումի, յարաբերականացման կամ նսեմացման ամէն փորձի։
Գ. Հայաստանի Հանրապետութեան ճանաչումը որպէս հայ ժողովուրդի վերապրումի, զարգացման եւ արդար իրաւունքներու վերատիրացման գլխաւոր երաշխիք:
Դ. Հայաստանեաց առաքելական եկեղեցւոյ պատմական դերակատարութեան գնահատում, առանց ժխտելու այլ յարանուանութեանց ներդրումը, ոչ ալ խիղճի ազատութեան իւրաքանչիւր անհատի իրաւունքը:
Ե. Յարգանք հանդէպ համայնքային բոլոր հաստատութիւններուն եւ հայապահպանման եւ ազգային արժէքներու զարգացման ու տարածման գործին իրենց ունեցած դերակատարութեան:
Զ. Առաջնահերթութիւն հայեցի դաստիարակութեան որպէս գլխաւոր գործօն՝ ազգային ինքնութեան կազմաւորման, հարստացման եւ զարգացման եւ հետեւողական ու աշխոյժ փոխյարաբերութեան երկրի ընկերային եւ մշակութային շրջապատին հետ:
«Աժենսիա Փրենսա Արմէնիա»
Let this united organization structure, similar to the one existing in France, be adopted all over the world. United we can achieve a lot but divided we can only fail.