ԵՐԵՒԱՆ, «Հետք».- Յունաստան տուած պաշտօնական այցելութեան ծիրին մէջ, 20 Դեկտեմբերին կայացած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեանի հանդիպումը Յունաստանի նախագահ Փրոքոփիս Փաւլոփուլոսի հետ:
Նախարար Սարգսեան շնորհակալութիւն յայտնած է Յունաստանի նախագահին ջերմ ընդունելութեան համար եւ պատրաստակամութիւն յայտնած է պատմական ամուր հիման վրայ ձեւաւորուած երկու բարեկամ պետութիւններու յարաբերութիւնները աւելի աշխուժացնելու եւ խորացնելու վերաբերեալ:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են Հայաստանի եւ Յունաստանի ռազմական եւ ռազմակազմածներու վերաբերող համագործակցութեան զարգացման վերաբերող եւ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ հարցեր: