ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Շաւարշ Քոչարեան «Արմէնփրէս»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին անդրադարձած է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման գործընթացին։
Լրագրողը ուզած է գիտնալ, թէ Քոչարեան ինչպէ՞ս կը մեկնաբանէ Ատրպէյճանի կրկնուող փորձերը՝ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման փուլային տարբերակը առաջ տանելու:
Քոչարեան դիտել տուած է, որ ինքնորոշուած Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան դէմ այս տարուան Ապրիլի սկիզբը յարձակումը կրկնելու Ատրպէյճանի փորձէն ետք բոլորին համար պարզ դարձաւ, որ եթէ Ատրպէյճան կը հրաժարի փաթեթային կարգաւորումէն, ապա գոյութիւն ունի փուլային կարգաւորման միայն մէկ տարբերակ: «Այն է՝ Ադրբեջանը ճանաչում է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը, վերադարձնում դեռեւս իր օկուպացիայի տակ գտնուող Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան տարածքները եւ դիմում Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեանը Ադրբեջանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի միջեւ միջպետական սահմանի սահմանազատման շուրջ բանակցութիւններ սկսելու նախաձեռնութեամբ», հաստատած է փոխնախարարը։