ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Խորհրդարանը երկրորդ ընթերցումով եւ ամբողջութեամբ ընդունեց ապօրինի հարստացումը քրէականացնող օրէնքը:
Հայաստանի քրէական եւ քրէական դատավարութեան օրէնսգիրքերուն մէջ փոփոխութիւններ եւ լրացումներ կատարելու մասին օրէնքի նախագիծը երկրորդ ընթերցումով եւ ամբողջութեամբ ընդունելու հարցին թեր քուէարկեց 96, ձեռնպահ՝ 1 պատգամաւոր: Նախագիծով կ՛առաջարկուի պատասխանատուութիւն նախատեսել այն պարագաներուն, երբ յայտարարագիր ներկայացնելու պարտաւորութիւն ունեցող պաշ-տօնատար անձին գոյքը աւելցած է կամ պարտաւորութիւնները նուազած են, եւ անոնք էական չափով կը գերազանցեն անոր օրինական եկամուտները եւ ողջամիտ հիմնաւորւում չկայ այդ եկամուտներուն: Ապօրինի հարստացման յանցակազմի համար նախատեսուած է 3–6 տարուան բանտարկութիւն, ինչպէս նաեւ որոշ պաշտօններու վրայ նշանակուելու իրաւունքէ զրկում: Քրէական դատավարութեան օրէնսգիրքին մէջ առաջարկուող փոփոխութիւններով ապօրինի հարստացման դէպքերու վարոյթ իրականացնող մարմինը պիտի ըլլայ Հայաստանի Յատուկ քննչական ծառայութիւնը: