ԶՕՐ. ԴՐՈՅԻ ՄԱՀՈՒԱՆ 60ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԹԻՒ
Վարեց՝ ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
2016 տարին կը զուգադիպի զօրավար Դրոյի (Դրաստամատ Կանայեան) մահուան 60ամեակին: Այս առթիւ, յատուկ տեսակցութիւն մը ունեցանք Մոնթեպելլոյի ՀՅԴ «Դրօ» կոմիտէութեան հերթապահ Պօղոս Սասունեանի հետ, որ վերջերս կազմակերպած էր պատմական ուխտագնացութիւն մը դէպի հերոսին շիրիմը: Ստորեւ կը ներկայացնենք այդ տեսակցութենէն գլխաւոր հատուածներ.
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ.- Ո՞վ էր զօրավար Դրօն: Ի՞նչպէս կը ներկայացնէք զայն:
ՊՕՂՈՍ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ.- Զօրավար Դրօն, բուն անունով՝ Դրաստամատ Մարտիրոս Կանայեան, ծնած էր 31 Մայիս 1884ին, Իգտիր, եւ մահացած՝ 8 Մարտ 1956ին, Պոսթըն: Առ ի երախտագիտութիւն եւ քաղցր յիշատակ, Մոնթեպելլոյի ՀՅԴ մեր կոմիտէութիւնը իր անունով մկրտած են այն ընկերները, որոնք Համաշխարհային Բ. պատերազմին, զօրավարին շնորհիւ ու ջանքերով՝ գերութենէ ազատագրուած ու Միացեալ Նահանգներ տեղափոխուած էին:
Զօր. Դրօն հայոց պատմութեան մեծագոյն հերոսներէն մէկն է, անկասկա՛ծ: Ան եղած էր Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան զօրավար (ժեներալ), ֆետայի, վրիժառու, ազատագրական շարժման գործիչ, ինչպէս նաեւ Ա. Հանրապետութեան հիմնադիրներէն եւ անոր ռազմական նախարարը (1920 թուական):
Ամբողջ կեանքին ընթացքին իր մեծագոյն նպատակը եղած էր վերականգնել Հայաստանի անկախութիւնը՝ զայն ազատելով Խորհրդային Միութենէն: Դրոյի յարկին տակ, ինչպէս կարելի է միշտ յիշել, շունչ ու ոգի կար: Իր կեանքին մասին նոյնիսկ կարելի է քանի մը հատորներ յատկացնել, որովհետեւ մեծ ու օրինակելի իր սխրագործութիւնները ոչ միայն մեր ֆետայիներուն կամ իր զինակիցներուն համար դարձած էին յստակ ճանապարհ, գաղափար, մտածելակերպ եւ ուղղութիւն, այլեւ՝ մեզի նման ապագայի հետեւորդներուն եւս:
Անգամուան մը համար կ՛արժէ կարդալ մեր հերոսական պատումութիւնը, որպէսզի իրազեկ ըլլանք այս մեծ հայ հերոսի կեանքին բոլոր երեւոյթներուն: Այն օրերուն, երբ տակաւին Դրօ 21 տարեկան էր, յայտնի գործիչ եւ ֆետայի Նիկոլ Դուման իրեն կը վստահէր հայ ժողովուրդի պաշտպանութեան պատասխանատու գործերը, կամաւորական գունդերու ղեկավարութիւնը եւ այլն: Իր առաջին, սակայն շատ նշանաւոր գործողութիւններէն մէկը եղած էր ազերի ժեներալ Ալեխանտրօ Արվանսկիի սպանութիւնը:
Անկախ այս բոլորէն, Ա. Հանրապետութեան անկումէն ետք, զօրավարը անցած էր Միացեալ Նահանգներ եւ դարձեալ զբաղած Հայկական Հարցի լուծման աշխատանքներով: Ապա, հաստատուելով Լիբանան՝ հոն եւս շարունակած էր ծառայել իր շատ սիրելի ժողովուրդին եւ յատկապէս իր պաշտելի կուսակցութեան՝ ՀՅԴին, անշահախնդիր եւ անսակարկ:
Հիւանդութիւնը պատճառ դարձած էր, որ ան վերադառնայ Միացեալ Նահանգներ եւ հոն մնայ մինչեւ իր մահը:
1956ին, մահուան սնարին, իր վերջին խօսքերը եղած էին՝ «Ա՜խ, մէյ մըն ալ տեսնէի իմ երկիրս»: Այս արդէն ինքնին կը հաստատէ եւ կը փաստէ զօրավարին կեանքի ամբողջ փիլիսոփայութիւնը:
Զօրավարը թաղուած է Պոսթըն, սակայն 29 Մայիս 2000ին, իր աճիւնները փոխադրուած են հայրենիք՝ Ապարանի ճակատամարտի յուշահամալիրի եզրաթումբին վրայ: Ապա, ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը, Դրոյի ժառանգորդներուն շնորհիւ, հիմնած է Դրաստամատ Կանայեանի անուան ռազմավարական ակադեմիան: Իսկ 2001ին, նոյն նախարարութիւնը հաստատած է «Դրաստամատ Կանայեան» գերատեսչական մետալ-շքանշանը, որ առ ի գնահատանք կը շնորհուի ռազմավարական ուսումնական բնագաւառին մէջ աչքառու զինուորականներու, ազատամարտիկներու եւ քաղաքացիներու:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ.- Ի՞նչ են ՀՅԴ «Դրօ» կոմիտէութեան՝ այս առթիւ կատարած աշխատանքները:
ՊՕՂՈՍ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ.- Խօսելէ առաջ այս տարուան դէպի Ապարան մեր կատարած ուխտագնացութեան մասին, նախ պէտք է անպայման յիշեցնել, թէ անցեալ տարի, Մոնթեպելլոյի հայազգի քաղաքապետ Ժագ Հաճինեանի շնորհիւ, հրշէջներու յատուկ կառք մը (ֆայր թրաք) ստացանք՝ իբրեւ նուէր Ղարաբաղին: Նուէրը ստանալէ երկու ամիս ետք, կոմիտէութեանս 15 ընկերներով մեկնեցանք Արցախ եւ այդ ընծան պաշտօնապէս յանձնեցինք Ստեփանակերտի հրշէջներուն: Պէտք է ըսել, որ այս օրինակելի արարքը մեզի համար դարձաւ Արցախի պատասխանատուներուն հետ աւելի մօտէն հաղորդուելու բացառիկ առիթ: Մօտէն ծանօթացանք երկրի ղեկավարներուն, ինչպէս նաեւ մեր ժողովուրդը յուզող հարցերուն եւ մտահոգութիւններուն, եւ վերադարձանք՝ առաւել զօրացած կամքով ու ներուժով։
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ.- Իսկ 2016ի ձեր ուխտագնացութեան մասին ի՞նչ կրնաք հաղորդել:
ՊՕՂՈՍ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ.- Լաւատեղեակ էինք, որ այս տարին կը զուգադիպէր զօր. Դրոյի մահուան 60ամեակին: Ուստի, այս մէկը լաւագոյն առիթ նկատեցինք մեր յարգանքի ու երախտագիտութեան տուրքը մատուցելու մեր զօրավարին եւ որոշեցինք մեր հաւատաւոր ընկերներով ուխտագնացութիւն մը կազմակերպել դէպի հերոսին շիրիմը՝ հայրենի Ապարան քաղաք: Պէտք է շեշտել նաեւ, թէ մեզի համար զօրավարը մեծ նշանակութիւն, արժէք եւ իմաստ կը ներկայացնէ: Չէ՞ որ մենք ալ իր անունը կրող ՀՅԴ կոմիտէութեան անդամներէն էինք: Մեզի համար ան, իր սխրագործութիւններով, քաջագործութիւններով, աշխատանքնով ու կեանքով, ինչպէս նաեւ իտէալ կուսակցականի տիպարով, առանձին վէպի մը նիւթը կրնայ դառնալ, իսկ միւս կողմէ՝ ներշնչումի օրինակելի աղբիւր: Իր կեանքն ու գործը ինքնին արդէն հայոց պատմութիւն են: Ան իր ամբողջ կեանքը նուիրած էր իր հայրենիքին եւ իր ժողովուրդին, ինչ որ արդէն բացառիկ օրինակ մըն է մեզի համար, որ մենք եւս դառնանք լիիրաւ հետեւորդներ: Մենք իր մէջ մարմնաւորուած տեսած ենք հայութեան ազգային նկարագիրի ամէնէն վեհ եւ գնահատելի գիծերը: Ահա՛ թէ ինչու կազմակերպեցինք մեր այս մարտունակ, խելացի, դիւանագէտ եւ հեռատես հայ դաշնակցականի շիրիմին այցելութիւն-ուխտագնացութիւնը:
Այսպէս, անցեալ Նոյեմբեր 21ին, մեր կոմիտէութեան տասը ընկերներով պարտ զգացինք մեկնիլ Ապարան, յիշելու, արժեւորելու, յաւերժացնելու եւ մեր յարգանքի յատուկ տուրքը մատուցելու համար անկախ Հայաստանի հիմնադիրներէն զօր. Դրոյի շիրիմին: Տեսարանը շատ տպաւորիչ էր: Շիրիմին առջեւ մեզի ընկերացան ՀՅԴ Պռոշեանի եւ Երեւանի կոմիտէներու ընկերները, ինչպէս նաեւ՝ Ապարանի: 30 հաւատաւորներով, նախ Ապարանի եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւին առաջնորդութեամբ կատարուած տպա-ւորիչ հոգեհանգիստին մաս կազմեցինք: Ծաղկեպսակներ զետեղեցինք եւ խունկով ու աղօթքով յարգեցինք մեր մեծ հերոսին յիշատակը: Ապա, տեղւոյն վրայ, իբրեւ ՀՅԴ «Դրօ» կոմիտէութեան ներկայացուցիչ՝ յատուկ խօսք արտասանեցի, իսկ Ժագ Հաճինեան ընթերցեց զօրավարի թոռնիկ Ֆիլիպ Կանայեանի անգլերէնով յղած սրտի խօսքը: Յայտնեմ, որ Հիւսթըն-Թեքսասի մէջ այս հանրայայտ իրաւաբանը, բազմազբաղ ըլլալուն համար, չէր կրցած ընթացք տալ մեր հրաւէրին ու միանալ մեզի: Իր կարգին, մեր ընկերներէն Լեւոն Կիրակոսեան դրուագներ պատմեց զօրավարի կեանքէն:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ.- Ուխտագնացութենէն ետք ի՞նչ է ձեր պատգամը:
ՊՕՂՈՍ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ.- Հպարտ ենք, որ դէպի Ապարան ուխտի գացինք ու վերադարձանք՝ զօրացած կամքով, հաւատքով ու գիտակցութեամբ: Մեզի համար այն հայը, որ կը գիտակցի զօրավար Դրոյի աշխատանքին, գործունէութեան, անոր մեծ ու անսակարկ նուիրումին, պարտաւոր է անոր յիշատակը յարգել, յաւերժացնել եւ միաժամանակ՝ անդրադառնալ անոր վաստակին:
Դէպի հայրենիք նման այցելութիւնները նաեւ կենսական են: Մենք ազգային հոգեւոր եւ մատաւորական շատ արժէքներ ունինք մեր հայրենիքէն ներս: Անոնք մեզի համար մէկական հսկաներ են: Ուստի, ամէն առիթով պէտք է նշել ու յարգել անոնց յիշատակը: Այս բոլորը, ըլլան անոնք ուխտագնացութեան կամ այցելութեան, յիշատակումի կամ ոգեկոչման պիտակին տակ, դաստիարակչական բնոյթ ունին իրենց ետին: Այս միջոցով է, որ ինքնաբերաբար մեր նոր սերունդին փոխանցած կ՛ըլլանք նաեւ մեր արժէքները: Այս բոլորով կարելի կ՛ըլլայ յայտնաբերել մեր հայկական ինքնութիւնը՝ աշխարհի տարածքին:
ՊՕՂՈՍ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆԻ ԽՕՍՔԸ
Հեռաւոր Միացեալ Նահանգներու Մոնթեպելլօ քաղաքէն խումբ մը ուխտաւորներ այսօր հոս ենք, մեր յարգանքը մատուցելու համար հայ ժողովուրդի ու Հայաստանի նորագոյն պատմութեան ամէնէն լուսաւոր հերոսներէն՝ Դրաստամատ Կանայեանին, «մրրկածին Դրօ»ին, որուն անունով մկրտուած է Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան մեր քաղաքի կոմիտէն:
Ուխտի եկած ենք Հայաստան ու հերոս Դրոյի յուշարձանին, այն գիտակցութեամբ, որ մեծ հերոսը մէկ անդամն էր հայութեան ու Դաշնակցութեան պանծալի սերունդին, անոնց, որոնք հայութեան կեանքը յեղափոխեցին «Ազատութիւն կամ մահ» նշանաբանով, միացան ֆետայական շարժումին, զգետնեցին հայահալած բռնակալներ, կերտեցին Սարդարապատը, Բաշ Ապարանը եւ Ղարաքիլիսէն, հիմը դրին Հայաստանի Հանրապետութեան, հայացուցին Հայաստանը, ճակատագրական դեր ունեցան Հայաստանի Հանրապետութեան շարունակութեան պահպանման ու հայկական Սփիւռքի վերակերտման վսեմ գործին մէջ: Բոլորս ծանօթ ենք Դրոյի կեանքի վաստակին, պայքարունակ ոգիին եւ աննահանջ կամքին: Աւելորդ է այս պահուն խօսիլ անոր կեանքի տարբեր հանգրուաններուն մասին, որոնց գումարը եղաւ զոհաբերում՝ ի խնդիր մեր ժողովուրդի իրաւունքներուն, ի խնդիր Հայաստանի հայացման ու պահպանման:
Դրոյի ու իր զինակիցներուն դրօշը բարձր պահուեցաւ տասնամեակներ շարունակ, նաե՛ւ՝ անոր մահէն ետք, շնորհիւ Դրօներու պատգամին հետեւող դաշնակցական սերունդներուն, եւ ահա՛, այդ պատգամը այսօր կը հնչէ մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ, Արցախի սահմաններէն մինչեւ Հայաստան, մինչեւ Սփիւռքի մօտակայ ու հեռաւոր օճախները:
Մենք այսօր ուխտի եկած են Հայաստան եւ Դրոյի յուշակոթողին: Մեզի պէս ուխտաւոր է ամբո՛ղջ հայութիւնը:
Այս օրը նաեւ ուխտի վերանորոգման օր է, մեր միտքերուն ու հոգիներուն մէջ կը վերահաստատենք, թէ Հայաստանն ու մեր ժողովուրդի իրաւունքները կը մնան ու պիտի մնան գերիվեր, կարելի բոլոր միջոցներով պիտի լծուինք հայութեան մարդկային ու քաղաքացիական իրաւունքներու հետապնդման, մեր ազգային տենչերու իրականացման սուրբ գործին, մինչեւ որ Սարդարապատով ու Բաշ Ապարանով կերտուած յաղթանակներու ուղին մեզ հասցնէ մեր պատմական բոլոր հողերու վերատիրացման, մեր բոլոր իրաւունքներու կենսագործման:
Եւ այս ուխտո՛վ է որ պիտի վերադառնանք Մոնթեպելլօ, մեր ընկերները, համակիրներն ու նոր սերունդները ներգրաւելու համար այս երթին մէջ, որպէսզի Դրօն ու իր սերնդակիցները հանգիստ ննջեն հայրենի հողին մէջ, Արարատի շուքին: