ԵՐԵՒԱՆ.– 16 Դեկտեմբերին Հայաստան այցելեց Վրաստանի ներքին գործոց նախարարութեան պատուիրակութիւնը՝ նախարար Կէորկի Մկեպրիշվիլիի գլխաւորութեամբ, որ տեսակցութիւն ունեցաւ Հայաստանի նախագահին եւ ոստիկանութեան պետին հետ, ինչպէս նաեւ այցելեց Ծիծեռնակաբերդ։
Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին վարչակազմի ղեկավար Զուրապ Զուպատալաշվիլին, Կեդրոնական քրէական ոստիկանութեան բաժանմունքի տնօրէն Դաւիթ Նատրիաշվիլի, Հասարակութեան հետ կապերու բաժանմունքի պետ Թէա Փերթաիա, ոստիկանութեան Սամցխէ-æաւախքի տարածաշրջանային բաժանմունքի պետ Թէյմուրազ Քալանտաձէ եւ այլ պաշտօնատարներ:
Հայաստանի ոստիկանութեան կեդրոնին մէջ վրացի գործընկերները դիմաւորուեցան հանդիսաւոր արարողութեամբ, որուն ընթացքին ցուցադրական ելոյթով հանդէս եկաւ պատուոյ պահակախումբը:
Վրաստանի ներքին գործոց նախարարութեան պատուիրակութիւնը ընդունուեցաւ Հայաստանի ոստիկանութեան պետ, զօր. Վլադիմիր Գասպարեանի կողմէ, որ բարձր գնահատեց Հայաստանի եւ Վրաստանի ոստիկանական կառոյցներու աւանդական գործընկերութիւնը եւ ընդգծեց, որ երկու բարեկամ երկիրներու իրաւապահներու միացեալ աշխատանքը արդէն իսկ լուրջ արդիւնքներ տուած է:
Շնորհակալութիւն յայտնելով ջերմ ընդունելութեան համար, Կէորկի Մկեպրիշվիլի վստահութիւն յայտ-նեց այն մասին, որ հայ եւ վրացի իրաւապահներու աւանդական գործակցութիւնը՝ յանցագործութեան դէմ պայքարին մէջ, պիտի շարունակուի եւ աւելի պիտի խորանայ՝ ընդգրկելով արդի մարտահրաւէրներու հակազդման նոր ոլորտներ:
Վլադիմիր Գասպարեան հաստատեց վերջին շրջանին ամուր հիմերու վրայ դրուած գործընկերութիւնը ամրապնդելու Հայաստանի ոստիկանութեան ղեկավարութեան վճռականութիւնը եւ նշեց, որ երկու իրաւապահ կառոյցներու համապատասխան ստորաբաժանումներուն եւ ծառայողներուն ուղղակի եւ ամէնօրեայ փոխգործակցութիւնը ատոր լաւագոյն ուղին է:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ հարցեր եւս:
Ստորագրուեցաւ Հայաստանի ոստիկանութեան եւ Վրաստանի ներքին գործոց նախարարութեան միջեւ համագործակցութեան ամրապնդման վերաբերող հռչակագիր:
Աւարտին Վլադիմիր Գասպարեան Վրաստանի ներքին գործոց նախարար Գէորգի Մգեբրիշիլիին պարգեւատրեց «Համագործակցութեան ամրապնդման համար» մետալով:
Ընդունելութենէն ետք Վրաստանի ներքին գործոց նախարարութեան պատուիրակութիւնը այցելեց Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յուշահամալիր:
Վրացի իրաւապահները ծաղկեպսակ զետեղեցին Անմար կրակին մօտ, ծանօթացան Հայոց Ցեղասպանութեան հիմնարկ-թանգարանի նիւթերուն, աւանդութեան համաձայն, եղեւնի տնկեցին Յուշահամալիրի ծառուղիին մէջ: