ՀՅԴ 126ամեակի հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 9 Դեկտեմբերի երեկոյեան, Հալէպի «Գ. Եսայեան» սրահին մէջ, ներկայութեամբ Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեանի, Հայ աւետարանական համայնքի պետ վերապատուելի Յարութիւն Սելիմեանի, Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ ներկայացուցիչ Կոմիտաս քհնյ. Տատաղլեանի, Հալէպի մօտ ՀՀ գլխաւոր հիւպատոս Տիգրան Գէորգեանի, ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի, Բերիոյ Հայոց թեմի Ազգային երեսփոխանական, Ազգային վարչութեան եւ Կրօնական ժողովներու անդամներու, հալէպահայ կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներու եւ մեծաթիւ հրաւիրեալներու:
Հանդիսականները տօնակատարութեան բացումը կատարեցին մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելով յիշատակը հայ ազատագրական պայքարի ճանապարհին իրենց ազնուագոյնը նուիրաբերած նահատակներուն, ազատազրկուած մարտիկներուն, անձնուիրութեամբ ծառայած եւ մեր կեանքէն առյաւէտ հեռացած նուիրեալներուն, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ նահատակներուն: Այնուհետեւ հնչեցին Սուրիոյ եւ ՀՀ քայլերգները:
Հայերէն բացման խօսքը կատարեց Հուրի Տէրտէրեան-Տիլպէրեան, իսկ արաբերէնը՝ Արա Մութաֆեան։
Ապա ելոյթ ունեցաւ Համազգայինի «Զուարթնոց» երգչախումբը, խմբավարութեամբ Գայիանէ Սիմոնեան-Տէրեանի, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Ռուզան Պարսումեանի։
Պէթի Քիլէրճեան Սիամանթոյէն եւ Աւետիս Ահարոնեանէն բանաստեղծութիւններու համադրում մը ասմունքեց:
Օրուան բանախօսն էր ազգային գործիչ Գրիգոր Տունկեան:
Ան Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Օրուան առիթով, հայատրոփ Հալէպ քաղաքին մէջ այս համախմբումը, այս բեմի վրայ զետեղուած եւ իւրաքանչիւրիս ներաշխարհին մէջ Դաշնակցութեան գործով խարսխուած յարատեւ յանձնառութիւն արժէքին նուիրականացումը համարեց: Արժէք, որ կու գայ մեր ժողովուրդի փառահեղ պատմութենէն, ներկայ է նուիրական գործով, ուղենշումն է ապագայի:
Ապա ան ներկայացուց ՀՅԴի 126ամեայ ուղին, նշելով որ Դաշնակցութեան յենարանն ու ուժը սեփական ժողովուրդն է ու անոր կազմակերպուածութիւնը, իսկ նուաճելի հորիզոնը՝ տնտեսապէս բարգաւաճ, ընկերային արդարութեան վրայ յենած եւ ժողովրդավար կարգերով օժտուած Հայաստանի կերտումն է, որպէս գերխնդիր, որպէս հայ ժողովուրդի ամբողջական իրաւունքներու վերատիրացումին, լիարժէք անկախութեան եւ անոր գոյերթի անվտանգ շարունակման երաշխիք:
«Տագնապալի մեր այս օրերուն, Հայաստանի Հանրապետութիւնը մեր կողքին էր իր դիւանագիտական, մարդասիրական թէ քաղաքացիական հնարաւորութիւններով: Դո՛ւք էք վկաները: Արցախը մեր կողքին էր, փաստ՝ ամիսներ առաջ այս բեմէն Արցախի խորհրդարանական մեր ընկերոջ հանդիպումը հալէպահայութեան: Մենք Հայաստանի ու Արցախի հետ էինք քառօրեայ պատերազմին անմիջական արձագանգումով, կամաւորներու օժանդակութեամբ եւ «Մենք Ենք Արցախը» նախաձեռնութեամբ: Ամբողջական Հայաստանի եւ ամբողջական հայութեան նուիրական գաղափարախօսութեան դաշնակցական շունչն է այս, ուր լաւագոյնս կը դրսեւորուին համայն հայութեան դիմագրաւած խնդիրները, դժուարութիւնները, տագնապները համազգային կերպով դիմագրաւելու Դաշնակցութեան խօսքին ու գործին հնչեղութիւնը», ըսաւ Տունկեան:
Պարզելով աշխարհաքաղաքական ներկայ իրավիճակը, ան հանգամանօրէն անդրադարձաւ սուրիահայութեան տագնապին, անոր ընթացքին յառաջացած բազում կացութիւններուն եւ այդ կացութիւններուն վերաբերող առաջնահերթ որոշումներուն:
Ան յայտնեց, որ հակառակ տագնապալի շուրջ վեց տարիներուն, ծանր հետեւանքներու բարեշրջումի դժուարութիւններուն դիմաց չխոնարհուող կամքով՝ այստեղ է Դաշնակցութիւնը:
Կազմակերպ են ու պիտի մնան մեր բոլոր կառոյցները, ուղեկից միութիւնները, հաստատութիւնները: Սուրիական քաղաքացիական իրաւունքով պիտի պահենք մեր իւրայատկութիւնն ու ազգային դիմագիծը՝ միշտ հաւատալով որ Սփիւռքը ինքնանպատակ չէ: Հայաստանի ու հայութեան, հայրենիքի եւ ազգի նպատակները կարելի կը դառնայ իրագործել Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնութեան ազգային, քաղաքական ներդաշնակ ռազմավարութեամբ:
Այնուհետեւ Համազգայինի «Բ. Կանաչեան» երաժշտական դպրոցէն Բալիկ Առաքելեան (դաշնամուր), Մանուէլ Աշըքեան (ջութակ) ներկայացուցին «Ախպերս ու ես» երգը:
Հանդիսավարներ Ծերուն Գահուէճեան եւ Սեւան Ուրիշիկեան ընթերցեցին այս առիթով զանազան միութիւններէ ուղղուած շնորհաւորագիրները:
Հուսկ առաջնորդը գնահատանքի, օրհնութեան եւ շնորհաւորական խօսքերով ողջունեց ներկաները: Ան յատկապէս շնորհաւորեց ՀՅԴի մարտագրուած ուխտաւորները, որոնք սուրիահայութեան ծառայելու համար ներկայ են այնտեղ:
Շահան սրբազան բանախօսին պատգամին եւ ՀՅԴ Մանիֆեստին միջեւ նմանութիւններ ուրուագծելէ ետք հաստատեց, որ այսօր «Յարատեւ յանձնառութիւն» կարգախօսը պատահականօրէն չէ ընտրուած: Յանձնառութիւն կը նշանակէ պարտաւորութիւն, պատասխանատուութիւն, իսկ Սուրիոյ մէջ այս օրերուն նմանօրինակ գիտակցութեամբ օժտուած երիտասարդներ կը զոհաբերեն իրենց ամենաթանկը՝ կեանքը, յանուն մեր ժողովուրդին, յանուն մեր հաւաքական տեսլականին:
Տօնախմբութիւնը փակուեցաւ ՀՅԴ քայլերգով։