Երեքշաբթի, 13 Դեկտեմբերին սկիզբ առաւ Արամ Ա. վեհափառի Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւն կատարած այցին առաջին օրը:
Արդարեւ, կաթողիկոսը, ընկերակցութեամբ Թեհրանի Հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեանի, Ատրպատականի Հայոց թեմի առաջնորդ Գրիգոր եպս. Չիֆթճեանի եւ Սպահանի Հայոց թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Սիփան Ծ. վրդ. Քէչէճեանի, Թեհրանի Հայոց թեմի Թեմական խորհուրդի ներկայացուցիչներուն եւ իր շքախումբի անդամներուն, այցելեց Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան Մշակոյթի եւ հաղորդակցութեան կեդրոնը, ուր դիմաւորուեցաւ կազմակերպութեան նախագահ դոկտ. Ապուզար Իպրահիմիի, Կրօնքներու երկխօսութեան Միջազգային կեդրոնի նախագահ դոկտ. Մուհամմէտ Մեհտի Թասխիրիի եւ պետական զանազան միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու կողմէ:
Վեհափառը Մշակոյթի եւ հաղորդակցութեան կազմակերպութեան «Հուսէյնիէ Ալ Զահրա» դահլիճին մէջ պաշտօնապէս բացումը կատարեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւն-Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւն, Քրիստոնեայ-Իսլամ երկխօսութեան 7րդ համագումարին, որ կը կրէ «Տարածաշրջանին մէջ ծայրայեղութեան ու բրտութեան կանխարգիլման գծով կրօնական բարոյագիտութեան եւ բանականութեան դերը» խորագիրը:
Կաթողիկոսը իր բացման խօսքին մէջ յիշեց, թէ կրօնքներու միջեւ երխօսութիւնը անմիջական պէտք մըն է, աւելի համերաշխ ու առողջ ընկերութիւն մը ունենալու համար: Վեհափառը, ի միջի այլոց ըսաւ. «Այս փոքր աշխարհին մէջ չենք կրնար ապրիլ առանց փոխյարաբերութեանց ու փոխադարձ յարգանքի: Որպէսզի կարենանք ապրիլ, գործել եւ յառաջդիմել միասնաբար, փոխադարձ հասկացողութիւնը կը նկատենք կենսական»:
Յայտնենք, որ սոյն համագումարը պիտի տարածուի երկու օրերու վրայ:
ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ Ս. ՍԱՐԳԻՍ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻՍՏ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ԿԸ ԴԻՄԱՒՈՐՈՒԻ
ԻՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ԿՈՂՄԷ
Իսկ նոյն օրը՝ յետմիջօրէին, Արամ Ա. կաթողիկոս իր շքախումբի անդամներուն հետ ուղղուեցաւ Թեհրանի Ս. Սարգիս Մայր եկեղեցի, ուր կատարուեցաւ «Կանոնական» աղօթք:
Հայրապետը դիմաւորելու եկած էին զանազան պատկան մարմիններու, յանձնախումբերու եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, դպրոցական աշակերտ-աշակերտուհիներ, սկա-ուտներ եւ բազմաթիւ հաւատացեալներ: Աշակերտներու կողմէ մատուցուած աւանդական աղուհացի օրհնութենէն ետք վեհափառը «Հրաշափառ»ով մուտք գործեց Մայր եկեղեցի, ուր հանդիսապետեց «Կանոնական» աղօթքին:
Աղօթքի արարողութենէն ետք թեմին անունով խօսք առաւ Թեհրանի Հայոց առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեան, որ բարի գալուստ մաղթելէ ետք խօսեցաւ վեհափառին աւելի քան 20 տարիներու վրայ երկարող ծառայութեան մասին, բնորոշելով 20 տարուան կաթողիկոսութեան շրջանը որպէս «անսակարկ ծառայութեան» ժամանակամիջոց:
Կաթողիկոսը իր պատգամը ուղղելով ներկայ հաւատացեալներուն՝ խօսեցաւ Իրանի զարգացման մէջ իրանահայութեան ունեցած ներդրումին մասին, ըսելով, թէ երկու ազգերու միջեւ գոյութիւն ունեցող «կրօնքներու, մշակոյթներու եւ ժողովուրդներու ներդաշնակ գոյակցութիւնը Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան սահմաններէն ներս, պէտք է օրինակ դառնայ նաեւ այլոց»: Հայրապետը իր պատգամը աւարտեց գնահատելով Թեհրանի Հայոց թեմի աշխատանքներն ու հայապահպանման գործին մէջ ունեցած անոնց ներդրումը:
«Կանոնական» աղօթքէն անմիջապէս ետք Արամ Ա. բարձրացաւ Ազգային առաջնորդարանի դահլիճ, ուր ընդունեց հաւատացեալ ժողովուրդին աջահամբոյրը: