ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Վրաստանի պաշտպանութեան նախարար Լեւան Իզորիա Դեկտեմբեր 16ին հանդիպում մը ունեցած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ. ընթացքին, կողմերը ընդգծած են երկու երկիրներուն միջեւ ռազմավարական գործընկերութեան կարեւորութիւնը: Իզորիա նաեւ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանովի հետ ստորագրած է յառաջիկայ տարուան ռազմական համագործակցութեան ծրագիրը: