ՊՈԼԻՍ.- Լրագրողներու պաշտպանութեան յանձնախումբը հրապարակեց այս տարուան տեղեկագիրը՝ այն երկիրներուն մասին, ուր ամէնէն բարձր թիւով լրագրողներ բանտարկուած են։ Ըստ այդ տուեալներուն՝ բանտարկեալ լրագրողներու ընդհանուր թիւը աշխարհի մէջ կը հասնի 259ի։
«Հիւրրիյէթ» թերթը կը գրէ, որ առնուազն 81 բանտարկեալ լրագրողներու թիւով, աշխարհի մէջ առաջատարը Թուրքիա՛ն է։ Կը նշուի նաեւ, որ այս թիւը նոր մրցանիշ մըն է։
Թուրքիոյ կը յաջորդեն Չինաստանը )38) եւ Եգիպտոսը )25)։ Չորրորդ եւ հինգերորդ տեղերը կը գրաւեն Էրիթրիա եւ Եթովպիա։ Իսկ անցած տարի, առաջին հնգեակին մէջ էր նաեւ Իրանը, որ այս տարի, սակայն, բարելաւած է իր դիրքը։
Տեղեկագիրին՝ Թուրքիոյ մասին բաժինին մէջ կը շեշտուի, որ այս տարուան Յունուար 1էն մինչեւ Դեկտեմբեր 1, մամուլի վրայ աննախադէպ ճնշում գործադրուած է եւ իբրեւ հետեւանք՝ աւելի քան 100 լրատուամիջոցներ փակուած են ու առնուազն 81 լրագրողներ դատապարտուած՝ պետութեան դէմ գործուած յանցագործութիւններու յօդուածով։ Հոն նաեւ կը նշուի, թէ Թուրքիոյ մէջ մամլոյ վրայ ճնշումները սաստկացած են յատկապէս Յուլիս 15ի զինուորական յեղաշրջման փորձէն ետք։