ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ զանազան շրջաններէ հրաւիրուած գիւղապետներու հետ կայացած հերթական հանդիպումի մը ընթացքին, նախագահ Էրտողան յայտարարեց, թէ ազգային զօրակոչ կը հռչակէ ահաբեկչութեան դէմ։
Եթէ արդէն իսկ անպաշտօն կերպով հրապարակուած չէր նմանօրինակ զօրակոչ մը, հիմա այլեւս հրապարակուած է անիկա, եւ անշուշտ, Պեշիկթաշի պայթումներու ահաբեկչութիւնն էր, որ այժմ հրաւիրած է Էրտողանը այսպիսի որոշում մը հրապարակելու։
Էրտողան անգամ մը եւս կացութիւնը վերլուծեց՝ միշտ Թուրքիոյ դէմ դաւադրել ուզողներուն մասին ակնարկութիւններ ընելով։ Ան ըսաւ, որ երկիրը կ՛անցնի բախտորոշ օրերէ, ինչպէս անցած էր «ազգային փրկութեան պատերազմ»ի (1919-1923) օրերուն։
«Յաջողեցանք քուրջի վերածել Սեւրի դաշնագիրը, բայց հիմա կայ տակաւին անուն չունեցող նոր Սեւրի մը հետ դէմ յանդիման մնալու վտանգը», ըսաւ Էրտողան, երկրի նոր թշնամիներուն շարքին յիշելով Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութիւնը, Կիւլենի շարժումը ու «Իսլամական պետութիւն»ը։
Էրտողան դարձեալ ասպարէզ կարդաց եւրոպական երկիրներուն եւ աւելցուց, որ Թուրքիան քննադատողները յանկարծ ծայր աստիճան անգութ կը դառնան, երբ վտանգուելու կարգը իրենց կու գայ։