ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Բրիտանական հեղինակաւոր «Թայմզ» թերթը վերահրատարակած է այն յօդուածը, որ իր թերթին մէջ տպագրուած էր ճիշդ հարիւր տարի առաջ՝ Դեկտեմբեր 14, 1916ին։
Յօդուածին մէջ ներկայացուած են փաստաթուղթեր, որոնք կը վկայեն Հայոց Ցեղասպանութեան ողբերգական իրադարձութիւններուն մասին։ Փաստաթուղթերը ինքնին կը ներկայացնեն «սարսափներու երկար ցանկ մը, որուն զուգահեռները դժուար թէ կարելի ըլլայ գտնել հին կամ ժամանակակից պատմութեան մէջ»։
Յօդուածին մէջ դիտել կը տրուի, որ մինչեւ 1915 թուական, օսմանեան Թուրքիոյ մէջ կը բնակէր 1.8 միլիոն հայ. ապա կը նշուի, որ անոնց մէկ մասը իսլամացուած է, իսկ միւսը՝ սպաննուած, կամ՝ Թուրքիոյ մէջ սարսափելի պայմաններու տակ կը գտնուի։
Փաստաթուղթերուն մէջ նկարագրուած են հայ կիներու եւ աղջիկներու նկատմամբ սարսափելի վերաբերմունքի օրինակներ։
«Բաւական է միայն մէկ փաստ, որպէսզի ցոյց տանք, թէ ի՛նչ յատուկ եւ մանրակրկիտ կերպով կ՛իրականանան հայերու տեղահանութիւնն ու մասնակի ոչնչացումը։ Անցեալ տարի Էրզրումի, Պիթլիսի ու Վանի մէջ կը բնակէր մօտաւորապէս 580 հազար հայ։ Երբ այդ շրջանները անցան ռուսերու հսկողութեան տակ, հոն միայն 12 հազար հայ կար։ Մնացեալները կա՛մ մեռած էին, կա՛մ տեղահան եղած», օրին գրուած էր յօդուածին մէջ։
Յօդուածին հեղինակները նաեւ կը նշեն, թէ զանգուածային սպանութիւնները համակարգուած ու դիտումնաւոր բնոյթ ունէին եւ նախապէս ծրագրուած էին Պոլսոյ մէջ։ «Շրջան մը շրջանի ետեւէն, մինչեւ որ ասիական քաղաքներու եւ գիւղերու մէջ հայկական թաղամասերը դատարկուեցան», կը շեշտուի յօդուածին մէջ։ Հեղինակները նաեւ դիտել տուած են, որ այդ իրադարձութիւններուն հիմնական մեղաւորը երիտթուրքերն են, սակայն մեղաւորները ո՛չ միայն Պոլսոյ, այլ նաեւ Պերլինի մէջ են, ուր այդ իրադարձութիւններուն վրայ աչք գոցուած էր։
Beside Germany all superpowers closed their eyes geopolitical interests v/s Genocide and loss of Western Armenia
only heartbreaking speeches in parliaments