Հաղորդագրութեամբ մը, ՀԲԸՄի «Նուպարեան» գրադարանը կը յայտարարէ իր կայքին բացումը:
Կայքը կը ներկայացնէ «Նուպարեան» գրադարանին պատմութիւնը՝ շեշտը դնելով Օսմանեան կայսրութեան հայերուն եւ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան՝ Ցեղասպանութենէն ետք վերապրող հայերուն եւ որբերուն նուիրուած գործունէութեան վրայ:
Բազմաթիւ տեղեկութիւններ, նկարներ եւ վաւերագիրներ կը տրամադրուին հանրութեան:
Կարելի է նաեւ այցելել Հայոց Ցեղասպանութեան մասին «Armenie 1915» խորագրեալ թուայնացուած ցուցահանդէսը:
Գրադարանի կայքի հասցէն է՝ http://bnulibrary.org, իսկ թուայնացուած ցուցահանդէսի հասցէն՝
http://bnulibrary.org/index.php/fr/expositions-virtuelles/armenie-1915։