Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 2ին, Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութիւնը (ԱՀԱԸ) ներկայացուց Ծնունդի նուիրուած յատուկ տօնական համերգ մը Փըրեմըսի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ: Համերգի գեղարուեստական ղեկավարն էր Վաղարշակ Օհանեան, որուն կ՛ընկերակցէին երգչուհիներ Անահիտ Զաքարեան, Ալվարդ Մայիլեան, դաշնակահար Եվկենի Նինով, ինչպէս նաեւ «Արմինսդրինկ» նուագախումբը եւ Համազգայինի «Արեգակ» պատանեկան երգչախումբը:
Հանդիսատեսները մեծապէս որգեւորուած էին լսելով տօնական օրերու աւանդական եւ Սուրբ Ծննդեան երգեր, ինչպէս՝ «Ո՜հ Սուրբ Գիշեր»ը:
Յայտագիրը նաեւ ճոխացած էր Կոմիտասով եւ հայրենասիրական երգերով: Համերգի աւարտին Համազգայինի «Արեգակ» պատանեկան երգչախումբը ներկայացուց հայերէնով «Լուռ գիշեր, սուրբ գիշեր» Ծնունդի երգը, յուզելով ներկաներէն շատեր:
1990էն ի վեր ԱՀԱԸը եւ Հայաստանի Աւետարանական եկեղեցին կը կազմակերպեն Ծնունդի յատուկ յայտագիրներ Հայաստանի եւ Ղարաբաղի մէջ, բաժնեկցելով Աստուծոյ սէրը: Սոյն համերգէն գոյացած եկամուտը պիտի յատկացուի Ծնունդի այդ ծրագիրներուն:
(Թղթակցութիւնը՝ ԱՀԱԸէն)