ՓԱՐԻԶ.- Դեկտեմբեր 10ին, Փարիզի Էլիզէի պալատի հարեւանութեամբ, «Cercle de l’Union Interalline» սրահին մէջ, ՀՅԴ Բիւրոյին նախաձեռնութեամբ կայացաւ Հայ Դատի աշխատանքներու հզօրացման ու աջակցութեան նպատակով կազմակերպուած դրամահաւաք-ճաշկերոյթը:
Պատուոյ սեղանի հիւրերն էին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. վեհափառ, ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան, Վատիկանի եւ Ֆրանսայի մօտ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպաններ Միքայէլ Մինասեան ու Վիգէն Չիթեչեան, «Փիւնիկ» հիմնադրամի նախագահ Լեւոն Սարգսեան եւ պատուոյ նախագահ Գաբրիէլ Չեմպերճի, Ֆրանսայի Հայոց թեմի առաջնորդ Վահան եպս. Յովհաննիսեան, Թեհրանի Հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգսեան, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մուրատ Փափազեան, Լիբանանի խորհրդարանի անդամ եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի:
Ողջունելով ներկաները եւ Հայ Դատի հանգանակութեան մասնակցած բոլոր բարերարները՝ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան անդրադարձաւ Հայ Դատի յանձնախումբերու գործունէութեան եւ աշխատանքին քաղաքական ու ռազմավարական կարեւորութեան: «Հայ Դատի պայքարը անցեալի համար չէ: Հայաստանի Հանրապետութեան, այսօրուա՛ն Հայաստանի անվտանգութեան պայքար է», շեշտեց Մարգարեան:
ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը յատուկ կարեւորութեամբ ընդգծեց այն հանգամանքը, որ Հայ Դատին համար տարուած աշխատանքները հիմնուած են տեսլականի վրայ՝ յանուն Հայաստանի եւ հայութեան:
«Եթէ մենք դադարենք նպատակ ունեցող ազգ լինելուց, ապա մենք կ՛ոչնչանանք, կը կորչի մեր էութիւնը: Պայքարն է, որ հայութեան զարգացման պայմանն է հանդիսանում», շեշտեց Մարգարեան ու մանրամասն բացատրեց, թէ յանուն Հայ Դատին պայքարը կուսակցական հարց չէ՛:
Ան ցաւով արձանագրեց, որ այս բնագաւառին մէջ աշխատող շատ քիչ թիւով կազմակերպութիւններ կան, եւ այդ իսկ պատճառով, ճակատագիրի բերումով՝ այդ գործը վիճակուած է ՀՅ Դաշնակցութեան: Ան նշեց, թէ Հայ Դատի յանձնախումբերուն ու գրասենեակներուն մղած պայքարը արձանագրած է կարեւոր արդիւնքներ՝ յիշեցնելով վերջին թարմ օրինակը, երբ Ատրպէյճան կը բողոքէր այն փաստին դէմ, որ Ֆրանսայի նորանշանակ ներքին գործոց նախարարը իր «սեւ ցանկ»ին վրայ է, որովհետեւ Հայ Դատի յանձնախումբին նախաձեռնութեամբ այցելած էր Արցախ:
ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը ամփոփեց՝ ըսելով, որ դրամահաւաքով առաւել հզօրացած Հայ Դատի յանձնախումբերը շա՛տ աւելի քաղաքական գործիչներ կրնան բերել Արցախ եւ շա՛տ աւելի գործ կրնան իրականացնել:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան ողջոյնի իր խօսքին մէջ յիշեցուց 10 տարի առաջ, Փարիզի մէջ կայացած Pro Armenia խորագիրով համաժողովը, երբ ան տակաւին դեսպան էր Ֆրանսայի մօտ: «Ո՛չ բոլոր ժողովուրդներն ունեն իրենց անունով դատ. երազում ենք գայ մի օր, որ այդ դատը լուծուի», շեշտեց նախարարը ու յաջողութիւն մաղթեց Հայ Դատի աշխատանքներուն:
Հայ Դատի պայքարի կամաւորութեան անդրադարձաւ Արամ Ա. կաթողիկոս: «Եթէ չըլլար նուիրումը, յանձնառութիւնը, ապա արդիւնք չէր ըլլար: Մենք հարուստ չենք, բայց նուիրումով, փոքր գումարով հսկայ գործ կը կատարուի: Մենք պէտք է կարենանք միախմբուիլ», յայտնեց վեհափառը:
Հայ Դատի գործունէութեան մասին հաշուետուութեամբ հանդէս եկաւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Հայ Դատի Կեդրոնական խորհուրդի ատենապետ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան: Ան յատուկ պատրաստուած սալիկներով ներկայացուց Հայ Դատի յանձնախումբերուն եւ գրասենեակներուն կատարած գործը՝ նիւթական մանրամասն հաշուետուութեամբ:
Հաւաքոյթին ընթացքին, ձեռնարկի հանդիսավար Ստեփան Տէր Պետրոսեան պարբերաբար կը յայտարարէր նուիրատուութիւնները, որոնք կը կատարուէին ներկաներուն կողմէ, ինչպէս նաեւ անցած շաբաթներուն ընթացքին արդէն իսկ կատարուածները՝ Եւրոպայի, Մերձաւոր Արեւելքի, Ռուսիոյ, Հայաստանի (Կեդրոնական գրասենեակ) եւ միջազգային կազմակերպութիւններու մէջ:
Աւարտին նաեւ հրապարակուեցան կատարուած քանի մը մեծ նուիրատուութիւնները: Արդարեւ, 250 հազարական տոլարի նուիրատուութիւններ կատարած էին Գագիկ Ծառուկեանն ու Սամուէլ եւ Կարէն Կարապետեանները, 150 հազար՝ Սամուէլ Ալեքսանեանը, 100 հազարական տոլար՝ Միքայէլ Վարդանեանը, Կարէն Վարդանեանը, «Փիւնիկ» հիմնադրամը եւ Մայք Սարեանը (Լոս Անճելըս): Հանգանակուած ընդհանուր գումարը յայտարարուեցաւ՝ 3 միլիոն 860 հազար տոլար:
ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան գոհունակութիւն յայտնեց դրամահաւաքի արդիւնքներուն առթիւ եւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր նուիրատուներուն՝ վստահեցնելով, որ հաւաքուած գումարները պիտի ծառայեն մեր ժողովուրդի իրաւունքներուն, Հայաստանի Հանրապետութեան ու Արցախի Հանրապետութեան անվտանգութեան բարձրացման եւ ամրապնդման գործին: