ՀԱԼԷՊ.- «Գանձասար»ի խմբագիր Զարմիկ Պօղիկեան կը յայտնէ, թէ սուրիական բանակը, իր դաշնակիցներուն օժանդակութեամբ, մինչեւ օրս արդէն իսկ ազատագրած է Հալէպ քաղաքի 98 առ հարիւրը: Մարտերը տակաւին կը շարունակուին: Յառաջիկայ ժամերուն կը նախատեսուի քաղաքի ամբողջական ազատագրումը զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներէն:
Ապահովական առումով, քաղաքին մէջ բաւական բարելաւում արձանագրուած է: Նախորդ օրերուն, թէեւ զինեալներ կը շարունակէին իրենց վերահսկողութեան տակ գտնուած կարգ մը շրջաններէ հրթիռակոծել խաղաղ բնակչութիւնը, սակայն սուրիական բանակի յառաջխաղացքին հետ վտանգը աստիճանաբար կը նուազի:
Հալէպի բնակչութեան տրամադրութիւնը զգալիօրէն բարձրացած է՝ քաղաքի մեծ մասին ազատագրման իբրեւ արդիւնք: Քաղաքապետարանը աշխոյժ թափով կը մաքրէ եւ կը վերականգնէ ազատագրուած թաղամասերը, կը վերացնէ անցարգելները, բանուկ կը դարձնէ ճամբաները եւ կը կարգաւորէ քաղաքի երթեւեկութիւնը: Աշխատանքները կը շարունակուին՝ ականազերծելու ազատագրուած շրջանները, բարելաւելու ջուրի եւ ելեկտրականութեան մատակարարման ընթացքը եւ աշխուժացնելու քաղաքի արդիւնաբերական գործունէութիւնը:
Հալէպի միջազգային օդակայանի տնօրէնը սուրիական «Սամա» պատկերասփիւռին տուած հարցազրոյցին մէջ հաստատած է, որ օդակայանը մօտ օրէն բանելու պիտի սկսի, եւ որ ներկայիս վերանորոգման աշխատանքներ կը տարուին օդակայանէն ներս: