«ԱՍՊԱՐԷԶ»
Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան հետ, «Ասպարէզ» սիրով կը հովանաւորէ Իրաքահայ բարեկամներու կողմէ կազմակերպուած՝ Լեւոն Ստեփանեանի (Գարմէն) ի յիշատակ գրական-գեղարուեստական երեկոն: (Ծանուցումը տեսնել ստորեւ)
Պէյրութի մեր պաշտօնակից «Ազդակ» թերթը անցեալ ամիս իր գրասենեակներէն մէկը կոչեց նոյն թերթին խմբագրութիւնը կարճ միջոց մը ստանձնած Գարմէնի անունով: Վաղաժամ մահը թոյլ չտուաւ, որ Գարմէն շարունակէ իր յանձն առած առաքելութիւնը: Ուրախ ենք, որ գրող, բանաստեղծ, մտաւորական եւ ազգային գործիչ Գարմէնի յիշատակը կը յարգուի նաեւ այստե՛ղ, Լոս Անճելըսի մէջ, ուր իր վաստակին ու կենսագրութեան ծանօթ բազմաթիւ իրաքահայեր կ՛ապրին:
Այս առթիւ կ՛ուզենք մեր ընթերցողներու ուշադրութեան յանձնել հրապարակագիր, քաղաքական գործիչ, ՀՅԴ Բիւրոյի բազմամեայ անդամ, մտաւորական տոքթ. Բաբգէն Փափազեանի վկայութիւնը՝ Գարմէնի վաստակին մասին: Տոքթ. Փափազեանի այս գրութիւնը լոյս տեսած է «Ալիք» թերթի 21 Սեպտեմբեր 1966ի թիւին մէջ՝ «Մեծ Կարելիութեանց Խորտակումը» խորագիրով:
Ստորեւ՝ հատուծներ այդ գրութենէն.
Գրեթէ անծանօթ անուն մըն էր Իրաքի գաղութէն դուրս: Գրասէրները կրնային թերեւս ճանչնալ զինք, այն ալ՝ Լեւոն Գարմէն գրական անունով, որպէս բանաստեղծ:
Կարեւորը Լեւոն Ստեփանեանն էր, եւ ոչ թէ Լեւոն Գարմէնը:
Գարմէնը բանաստեղծն էր, քիչերուն հասանելի, քիչերուն հաճելի:
Լեւոն Ստեփանեան առաջնորդ էր, ղեկավար, որ կրնար զանգուածները տանիլ ապահով նաւահանգիստներ, ու նաեւ՝ դէպի իրենց իտէալներու իրականացումը:
Մեծութիւններն ու արժէքները տագնապներու ժամանակ կը յայտնաբերուին: Տագնապներու ժամանակ կը փոշիանան բոլոր երեւութական արժէքները: Լեւոն Ստեփանեան ինքզինք քննութեան ենթարկելու եւ արժեցնելու առիթը կ՛ունենար Իրաքի հայ գաղութին մէջ, 1958ի յեղափոխութեան եւ անոր յաջորդող օրերուն. տագնապի, անձկութեանց, անորոշութեան ու վտանգի օրերուն, երբ հայ ժողովուրդին մէկ մասը, 20,000նոց գաղութ մը կ՛իյնար փոթորկայոյզ ոլորապտոյտի մը մէջ, ուր նաւարկողի ամենափոքր սխալանքը անգամ կրնար ճակատագրական դառնալ ժողովուրդին եւ զայն առաջնորդող կազմակերպութեան համար:
Նման փոթորիկներու պահուն մեծ կ՛ըլլայ թիւը նահանջողներուն, լեղապատառ ուղեկորոյսներուն: Պէտք էր տեսնել Լեւոն Ստեփանեանը այդ օրերուն, իր ժպտուն պաղարիւնութեամբ, հանդարտ ղեկավարութեամբ, պայծառատես ու հեռատես վճռականութեամբ, ըմբռնելու համար, թէ ժողովուրդի մը ճակատագիրը ապահով պահող ձեռքեր էին, ղեկը ամրօրէն բռնող ձեռքեր:
Փոթորիկը մեղմանալէ, անցնելէ ետք, նաւապետները կը շատնան։ Փոթորիկի ժամանակ ամայութիւն կ՛առաջանայ ղեկավարութեան շուրջ։ Ափ մը հաւատաւորներու հետ ինք մնաց պարտականութեան գլուխը։ Կատարուած բոլոր գործերը հայութեան շահը նկատի ունեցան, եւ հայութիւնը լուր չունեցաւ. անոր գնահատանքը չփնտռուեցաւ Լեւոնին կողմէ։ ԻՐ ՊԱՐՏԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ԿԱՏԱՐԷՐ։
Փոթորիկէն ետք եւս գնահատանք չփնտռեց, շարունակեց քալել իր յստակ ճանապարհէն։
Ամբողջովին վարուելակերպ էր Լեւոնը. գնահատող, սիրող, սիրցնող վարուելակերպ։ Լուռ կը ժպտար, մինչեւ անգամ՝ ջղայնացնող ու արհամարհելի երեւոյթներու դիմաց։ Իր լռութիւնն ու ժպիտը, սակայն, թուլութեան ու պարտուողականութեան ժպիտ ու լռութիւն չէին։ Բարձր գիտակցութեան թելադրանք, բնածին լայնասրտութեան արդիւնք ներողամտութիւն մը, որուն ետին, սակայն, կար հաստատուն վճռականութիւնը արհամարհելի երեւոյթները արհամարհելու եւ սրբագրելու թերիները, որոնք ապագան կը վտանգէին։
Իր վարուելակերպին ու ղեկավարութեան կարողութեան ծանօթացան անոնք, որոնք Դաշնակցութեան վերջին Ընդհանուր ժողովին մէջ զինք տեսնելու եւ լսելու առիթը ունեցան։ Սիրեցին զինք, փնտռեցին իր ներկայութիւնը, ընկերակցութիւնը։
Այսպէս էր Լեւոնը, հաճելի ընկերակից, սիրելի ընկեր բոլորին համար։ Թշնամի չէր ոչ ոքի, թշնամի չունէր։ Վիրաւորել չէր կրնար, ու զինք չէին վիրաւորեր։
Իր երեւութական բարեմտութենէն կը խաբուէին շատեր, զինք թոյլ ու մեղկ կարծելու համար։ Ինք չէր խաբուեր ոչ մէկ երեւոյթէ. շուտով կը ճանչնար մարդը, կը դասակարգէր զայն մէկ անգամ ընդմիշտ ու կը շարունակէր վարուիլ բոլորին հետ նոյն մեղմութեամբ, նոյն ժպիտով, նոյն գուրգուրանքով, որ յատուկ էր իրեն, եւ զինք կը դարձնէր բոլորէն սիրուած անձնաւորութիւն մը։
Ներքնապէս կը վիրաւորուէր, առանց յայտնի ընելու. երբ կը հանդիպէր ճղճիմ մարդոց, ճղճիմ հաշիւներու, ճղճիմ վերաբերումի։ Ինք հաշիւ չունէր, չէր ունեցած ամբողջ կեանքը։ Գաղափարականն էր իր հոգիին մղիչ ուժը, ու նաեւ՝ հարստութիւնը։
Չէր բացուեր ուրիշներուն դիմաց լրիւ. վախը կար՝ ռոմանթիք ու ծիծաղելի համարուելու։ Ռոմանթիք էր, ու ծիծաղելի չէ՛ր։
Իրապաշտ էր նոյն ատեն, եւ իրատես. ինքզինք ամրօրէն իրականութեան մէջ խարսխած։ Կը սիրէր ամէն ինչ, որ գեղեցիկէն կու գար, գեղեցիկին կը տանէր, գրականութեան մարզին մէջ ըլլար ան, թէ քաղաքականութեան։ Որովհետեւ կը հաւատար, թէ քաղաքականութեան մէջ ալ կարելի է գեղեցիկը բերել, գեղեցիկով արժէքաւորել։ Կը հաւատար սակայն, թէ կեանքէն պէտք է գային բոլոր հրամայականները եւ ոչ թէ երազներէ։
Կեանքը դժուարութիւններ հանեց իր դիմաց։ Իր հոգեկան ու մտային հարստութիւնը շուկայի գործնական կեանքին յարմարող հարստութիւն մը չէր։ Ատոր համար ալ մտային ու հոգեկան անպատմելի տառապանքներու ենթարկուեցաւ անկասկած, որոնք կրծեցին սիրտը, վիրաւորեցին զայն, դարձուցին դիւրաբեկ։
Իր չափանիշները, սակայն, մնացեր էին անվթար. փնտռածը ՄԱՐԴՆ էր, մէկ չափ, մէկ կշիռ ունեցող գաղափարական Մարդը, որ ոչ ոքի մարդն է, ինքն իր տէրն է, եւ սկզբունքներուն կը ծառայէ միայն։
Գաղափարական մարդն էր ինք, որ կը պատրաստուէր ծառայելու իր կուսակցութեան ու ժողովուրդին, այս անգամ՝ աւելի լայն սահմաններու մէջ, աւելի լայնցած հորիզոններով։
Անոնք, որոնք կը ճանչնային զինք մօտէն, վստահութեամբ կը նայէին ապագային՝ այդ ապագային վրայ տեսնելով նաեւ Լեւոն Ստեփանեանի աշխատանքի բաժինը, եւ իր հարուստ կարելիութիւններուն արդիւնաւորումը, ազդեցութիւնը։
Ու հիմա… Մեծ կարելիութեանց խորտակումը յանկարծակի։ Խորտակուած կարելիութեանց անանցանելի ցաւը. թանկարժէք սիրելիի մը անէացման տառապանքը, ընդվզումը, զայրոյթը անկարելի համարուած դաժան իրականութեան դիմաց։
Ու հիմա… նաեւ պարտադրանքը, ցաւին հետ քալելու, շարունակելու ճանապարհը, ի՛ր ճանապարհը։
Նպատակը, որուն կը ծառայէր Լեւոն Ստեփանեան, ամբողջական նուիրում ու նորանոր զոհեր կը պահանջէ։ Մեռնողին տեղ նոր մը պէտք է ոտքի կանգնի ու իր պրկուած բռունցքին մէջ ամրօրէն սեղմած վեր բարձրացնէ սրբազան պայքարի դրօշը, մինչեւ որ ան ծածանի հայ ժողովուրդի ազատագրուած ու միացեալ երկրին մէջ, ազատօրէն, անկախութեան որպէս խորհրդանիշ։
Այն ատեն, անոնք որ դեռ ոտքի են, անոնք պիտի գան հաւաքելու ոսկորները Լեւոն Ստեփանեաններուն, ու պիտի տանին զանոնք Անտոքա սարը։ Այն ատեն միայն կոտտացող ցաւը կը դադրի։ Այն ատեն միայն հողը իրա՛ւ թեթեւ կ՛ըլլայ Լեւոն Ստեփանեաններու աճիւններուն վրայ, եւ աճիւնները կը հասնին երազին, կը նոյնանան հայ հողին հետ։