ԵՐԵՒԱՆ.- Իրանեան «Թասնիմ» լրատու գործակալութեան համաձայն՝ 5 Դեկտեմբերին Թեհրանի մէջ Հայաստանի ուժանիւթի ենթակառոյցներու եւ բնական պաշարներու նախարար Աշոտ Մանուկեանի հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին Իրանի նախագահի առաջին տեղակալ Էսհաք Ջահանկիրի հաստատած է, որ Իրանի արտաքին քաղաքականութեան մէջ Հայաստան առանձնայատուկ տեղ կը գրաւէ, եւ Իրան երկկողմանի յարաբերութիւններու ընդլայնման առումով որեւէ սահմանափակում չէ նախատեսած։
Իրանի նախագահի առաջին տեղակալը, անդրադառնալով նախորդ տարի Հայաստան կատարած իր այցելութեան, մասնաւորապէս ըսած է. «Բարեբախտաբար Երեւանի մէջ ձեռք բերուած համաձայնութիւններուն մէկ մասը իրականացած է, եւ պէտք է միացեալ յանձնաժողովի շրջանակներուն մէջ հետեւինք, որպէսզի մնացեալ մասն ալ արագօրէն իրագործուի»:
«Պարսից Ծոցը Կասպից ծովուն կապելու նպատակով համապատասխան ենթակառոյցներու հիմնումը երկկողմանի յարաբերութիւններու մակարդակը բարձրացնելու շատ լաւ կարելիութիւն է: Իրան եւ Հայաստան պէտք է իրենց աջակցութիւնը ցուցաբերեն երկաթուղային եւ ճանապարհային ենթակառոյցներու կառուցման գործընթացին», յայտարարած է Էսհաք æահանկիրի:
Յայտնենք, որ 5 Դեկտեմբերին Իրանի մէջ տեղի ունեցած է Իրան-Հայաստան միջկառավարական միացեալ յանձնաժողովի 14րդ նիստը: