ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Արձակուրդի օրերը համայնքային, ազգային եւ միջազգային կարեւոր իրադարձութիւններով յագեցած էին:
Առաջին հերթին կ՛արձանագրենք Հայաստան Համահայկական հիմնադրամի տարեկան հանգանակութեան փաստը, որուն ձեռք ձգած արդիւնքը՝ 15,428,777 տոլար, այնքան ալ մեծ խանդավառութիւն չի յառաջացներ, յատկապէս երբ կը գնահատենք զայն՝ Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին ընթացքին աւերուած գիւղերը վերականգնելու եւ Արցախի բնակչութեան զօրակցութեան պատգամ մը յղելու տեսանկիւնէն: Յատկանշական էր, սակայն, ամերիկահայ գործարար-բարերար, «Գարուն» կաթնամթերքի սեփականատէր, «Հայաստան» հիմնադրամի Արեւմտեան Ամերիկայի նախկին նախագահ Անդրանիկ Պաղտասարեանի իշխանական՝ հինգ միլիոն տոլարի նուիրատուութիւնը, զոր հիմնադրամի ղեկավարութեան հանդէպ վստահութեան հաւաստագիր պէտք է նկատել:
Նոյն այս շաբաթավերջին, Պէյրութի մէջ Ազգային Միացեալ վարժարանի բացման եւ Արամ Ա. վեհափառի գահակալութեան քսանամեակին առիթներով տեղի ունեցած ձեռնարկի մը ընթացքին հանգանակուած է 3,221,200 տոլար:
Հանգանակային այս ձեռնարկներուն արդիւնքները պարզապէս հայութեան կարողականութեան փոքրիկ դրսեւորումներ են, որոնք կրնան շատ դիւրութեամբ բազմապատկուիլ ազգային կարեւորագոյն խնդիրներու լուծման համար, եթէ…
Շաբաթավերջին նաեւ, մեր համայնքին մէջ ունեցանք երկու կորուստ. Լոս Անճելըսի մէջ, անցեալ Շաբաթ օր իր մահկանացուն կնքեց ընկեր Տիգրան Սարգունին, որուն հանդէպ «Ասպարէզ» ունի երախտագիտութեան ջերմ զգացումներ՝ անոր կամաւոր, անսակարկ ու մնայուն զօրակցութեան համար:
«Ասպարէզ»ի համար ցաւալի էր նաեւ Ֆրեզնօ բնակող իր տարիներու բարեկամ ու մշտական զօրակցող Ալէք Գունտաքճեանի մահը, որ պատահեցաւ Կիրակի, 27 Նոյեմբերին:
Անցեալ շաբաթավերջին, Երեւանի մէջ գումարուեցաւ Հայաստանի Հանրապետական Կուսակցութեան (ՀՀԿ) համագումարը, որուն ընթացքին, ինչպէս կ՛ակնկալուէր, ՀՀԿի նախագահ ընտրուեցաւ Սերժ Սարգսեանը: ՀՀԿի ղեկավար կազմին մէջ ընդգրկուեցաւ նաեւ վարչապետ Կարէն Կարապետեանը: Վարչապետին հանդէպ ստեղծուած դրական վերաբերմունքը, որ գլխաւորաբար արդիւնք էր այն տպաւորութեան, թէ՝ անկաշկանդ գործող մըն է ան, վստահաբար ինչ որ չափով պիտի վնասուի, պարզապէս՝ ՀՀԿի հանդէպ ժողովուրդին ունեցած ո՛չ այնքան դրական պատկերացումներուն համար:
Անցեալ Ուրբաթ օր իր մահկանացուն կնքեց նաեւ քսաներորդ դարու քաղաքական հսկայ գործիչներէն մէկը՝ Քուպայի ղեկավար Ֆիտել Քասթրօն, որուն գլխաւորած յեղափոխութեան գաղափարախօսութիւնը ներշնչման աղբիւր դարձած էր մասնաւորապէս Հարաւային Ամերիկայի եւ ընդհանրապէս աշխարհի երիտասարդութեան համար: Իր գաղափարական հակառակորդները որքա՛ն ալ փորձեն զինք իբրեւ բռնակալ ներկայացնել, Քուպայի ժողովուրդի յիշողութեան մէջ, ինչպէս նաեւ Քուպայէն անդին, այս գործիչը պիտի մնայ բռնակալութիւններու դէմ արդար ու հաւասար հասարակարգ ստեղծելու պայքարի յառաջամարտիկի իր կերպարով: