ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր Մեդիա».– «Նեշընըլ Ճիոկրաֆիք»ը հրապարակած է աստղերը դիտելու համար աշխարհի լաւագոյն հինաւուրց վայրերու ցանկը, որուն մէջ ընդգրկուած է նաեւ հայկական Քարահունջը:
Յօդուածին մէջ նշուած է, որ հայկական Սթոնէյճը կը գտնուի Փորթուգալի Քրոմլեխէն (քարերու յուշարձանէն) դէպի արեւելք՝ 3000 մղոն հեռաւորութեան վրայ՝ Սիսիան քաղաքին մօտ: Անիկա յայտնի է նաեւ որպէս Զօրաց քարեր, քարերու ընդհանուր քանակը 223 է, որոնցմէ քանի մը հատը կը կշռէ մինչեւ 10 թոն, իսկ մէկ մասը ունի շրջանաձեւ անցքեր:
Քարահունջի կողքին, ցանկին մէջ ընդգրկուած են նաեւ Նիւ Մեքսիքոյի, Փորթուգալի, Յունաստանի, Քէնիայի, Իրանի, Աւստրալիոյ եւ Քալիֆորնիոյ նմանատիպ վայրերը: