
ՎԵՐ. ՎԱՀԱՆ Յ. ԹՈՒԹԻԿԵԱՆ*
Հայ աւետարանական համաշխարհային խորհուրդը (ՀԱՀԽ) իր լիանիստ ժողովը գումարեց Հեւըրթաունի Նահատակաց ժողովական եկեղեցւոյ մէջ, Հոկտեմբեր 20-21, 2016ին:
ՀԱՀԽի խորհրդակցութեան նիւթերն էին հետեւեալները.
1- Վերատեսութիւն Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ 170ամեակի տօնակատարութեանց.- Ժողովը վերատեսութեան ենթարկեց Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ տեղի ունեցած Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ 170ամեայ յոբելեանի տօնակատարութիւնները, ինչպէս նաեւ՝ համահայ Աւետարանական հովիւներու համագումարը:
2- Երկխօսութիւն Էջմիածինի հետ.- ՀԱՀԽի եւ Մայր Աթոռ Էջմիածինի միջեւ տեղի ունեցող երկխօսութեան մասին տեղեկագրութիւն կատարուեցաւ եւ որոշուեցաւ, որ կողմերը շարունակեն այդ երկխօսութիւնը:
3- ՀԱՀԽի գրասենեակը Երեւանի մէջ. տեղեկացուեցաւ, թէ դիւրահաղորդակցութեան համար, ՀԱՀԽի յատուկ գրասենեակ մը հաստատուած է Աւետարանչական ընկերակցութեան Երեւանի կեդրոնատեղիին մէջ՝ համաձայն Գործադիր յանձնախումբին նախապէս տրուած որոշումին:
- Համակերպ «Կարգ Պաշտամունքի».- Նկատի ունենալով, որ Հայ աւետարանական եկեղեցիներու պաշտամունքի կարգին մէջ զանազանութիւններ կան, յանձնարարուեցաւ, որ Հայ աւետարանական հովիւներ, քարոզիչներ եւ կրօնական գործիչներ հետեւին ՀԱՀԽի կողմէ պատրաստուած Հովուական ձեռագիրքին: Նմանապէս, խորհրդակցութեանց նիւթ եղաւ Հայ աւետարանական եկեղեցիներու պաշտամունքին մէջ երգեցողութեան հարցը, եւ յանձնարարուեցաւ, որ թէեւ արդի նոր հոգեւոր երգերու գործածութիւնը ընդհանրացած է կարգ մը եկեղեցիներու մէջ, այնուամենայնիւ պէտք է շեշտել կարեւորութիւնը Հա՛յ աւետարանական աւանդական հոգեւոր երգերուն:
5- Մամուլի հաղորդագրութիւն.- Ժողովը որոշեց, որպէս հաղորդագրութիւն՝ հայ մամուլին յանձնել հետեւեալ երկու այժմէական նիւթերը, որոնք աղերս ունին Հայաստանի եւ Արցախի անկախութեան 25ամեայ տարեդարձին եւ հալէպահայութեան փոթորկալի կացութեան հետ.
«Ընթացիկ տարուան Սեպտեմբեր 2ին, Լեռնային Ղարաբաղի (Արցախ) Հանրապետութիւնը, իսկ Սեպտեմբեր 21ին՝ Հայաստանի Հանրապետութիւնը տօնեցին իրենց անկախութեան 25ամեայ տարեդարձը: Պատմական այս նշանակալից հանգրուանին, Հայ աւետարանական համաշխարհային խորհուրդը իր սրտագին շնորհաւորութիւնները կը յայտնէ հայոց զոյգ հանրապետութիւններուն՝ մաղթելով անոնց նոր նուաճումներով լի ցնծման տարիներ: ՀԱՀԽը միանգամայն կը վերահաստատէ իր յանձնառութիւնը՝ նեցուկ կանգնելու Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններու անկախութեան պահպանումին եւ բարգաւաճումին»:
Ինչ կը վերաբերի հալէպահայութեան դժբախտ կացութեան, ապա ժողովը ըրաւ հետեւեալ յայտարարութիւնը.
«Աւելի քան հինգ տարիներէ ի վեր, Սուրիոյ քաղաքացիական պատերազմին հետեւանքով հալէպահայութեան կրած մարդկային եւ նիւթական կորուստները մեծ ցաւ կը պատճառեն Հայ աւետարանական համաշխարհային խորհուրդին, որուն անդրդուելի յանձնառութիւնն է վերաշինել մեր եկեղեցական եւ մշակութային կառոյցները: Իսկ ինչ կը վերաբերի սուրիահայութեան արտագաղթին, ապա ՀԱՀԽը անգամ մը եւս կը վերահաստատէ իր յանձնառութիւնը օժանդակելու բոլոր անոնց, որոնք որոշած են մնալ իրենց բնակած վայրերը կամ որոշած են գաղթել Հայաստան: Մինչ այդ, մեր աղօթքը այն է, որ Աստուած խաղաղութիւն շնորհէ տագնապալի Միջին Արեւելքի երկիրներուն, յատկապէս՝ Սուրիոյ եւ հալէպահայ գաղութի մեր սիրելի հայրենակիցներուն»։
6- Դիւանի ընտրութիւն.- Խորհուրդի երկամեայ ընտրութիւնը տեղի ունեցաւ, եւ հետեւեալ անձերը ընտրուեցան 2017-2018 տարեշրջանի խորհուրդի անդամ.
Վեր. Պերճ Ճամպազեան՝ նախագահ, վեր. Ժօէլ Միքայէլեան՝ փոխնախագահ, վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեան՝ ատենադպիր, դոկտ. Նուրհան Հելվասեան՝ գանձապահ, եւ վեր. դոկտ. Վահան Յ. Թութիկեան՝ գործադիր տնօրէն:
*Գործադիր Տնօրէն ՀԱՀԽի