ՖՐԵԶՆՕ.- Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 14ին, երեկոյեան ժամը 7:30ին, Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղի Գործարարական բաժանմունքի «Փիթըրզ» սրահին մէջ (թիւ 191), Պէյրութի Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փօլ Հայտոսթեան պիտի ներկայացնէ Լիբանանի մէջ հայկական կրթական կեանքին եւ յատկապէս՝ Հայկազեան համալսարանի գործունէութեան նուիրուած դասախօսութիւն մը։
Ներկայացումը մաս կը կազմէ Ֆրեզնոյի համալսարանի Հայագիտական ուսմանց ծրագիրի աշնանային դասախօսական ձեռնարկներու շարքին, որ կը հովանաւորուի «Լիան Ս. Փիթըրզ» հիմնարկին կողմէ։
Հայկազեան համալսարանը հիմնուած է 1955ին, իսկ 2002էն ի վեր անոր նախագահն է դոկտ. Հայտոսթեանը, որ իր ներկայացման ընթացքին լուսարձակի տակ պիտի առնէ համալսարանի առաքելութիւնն ու անոր դիմագրաւած մարտահրաւէրները։
Մուտքը ազատ է, իսկ ինքնաշարժները կարելի է անվճար պահել P5 կամ P6 կանգառներուն մէջ՝ օգտագործելով «273707» թիւը:
Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղի հասցէն է՝ 550 East Shaw Ave., Fresno, CA 93710:
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել (559) 278-2669 թիւին, կամ այցելել www.fresnostate.edu/armenianstudies կայքէջը: