ԵՐԵՒԱՆ.– «Հիմնադիր խորհրդարան»ի անդամ Կարօ Եղնուկեան սկսած է անժամկէտ հացադուլի։ Աւելի քան երկու ամիս անազատութեան մէջ պահուող ընդդիմադիր գործիչը բողոքի այս ծայրայեղ քայլին դիմած է՝ լսելով դատարանի որոշումը, որ ազատ պիտի չարձակուի գրաւի դիմաց:
Եղնուկեան միջնորդութիւն ներկայացուցած էր՝ առաջարկելով շուրջ 1 միլիոն տոլար գրաւ, ինչպէս նաեւ երաշխաւորագիրներ պատգամաւորներէ, մարդու իրաւունքներու նախկին պաշտպաններէ, մտաւորականներէ, առ այն, որ ազատ արձակուելով պիտի չթաքնուի նախաքննութիւնէ: «Քննիչը չմատնանշեց որեւէ մէկ հանգամանք, եւ ասում է, որ Եղնուկեանը պէտք է նախաքննութեանը խոչընդոտեր՝ չեղած ապացոյցները կեղծելով, եւ այդ ապացոյցներն էլ ձեռք չեն բերուել: Ոչ միայն քաղաքական, սա ծիծաղելի որոշում է, ակնյայտ անօրինական դատական ակտ է», «Ազատութեան» հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է փաստաբան Տիգրան Հայրապետեան:
Փաստաբանը փոխանցած է հացադուլի սկսման մասին՝ դիտել տալով, որ Եղնուկեանի ուղղուած մեղադրանքը ամբողջութեամբ անհեթեթ է, կայ նաեւ աւելին, որ անոր իրաւունքները չեն յարգուիր, անոր կարելիութիւն չի տրուիր տեսնելու Միացեալ Նահանգներէն եկած տարեց մայրը, հինգ զաւակները:
«Գտնում է, որ իշխանութիւններն իր նկատմամբ անմարդկային վերաբերմունք են դրսեւորում: Կարօ Եղնուկեանը, լինելով Միացեալ Նահանգների քաղաքացի իրեն հնարաւորութիւն չտրուեց, որպէսզի Միացեալ Նահանգների կառավարութեան կողմից երաշխաւորագիր-նամակը եւ միջնորդութիւնը հասնի դատարան», ըսած է Հայրապետեան:
Կարօ Եղնուկեան կը մեղադրուի «Սասնայ ծռեր» զինուած խումբին աջակցելու յանցանքով, ընդդիմադիր գործիչը կրնայ դատապարտուիլ 20 տարուան բանտարկութեան։
Անոր եղբայրը ըսած է, թէ իշխանութիւնները Կարոյէն վրէժ կը լուծեն՝ ընդդիմադիր գաղափարներուն համար, ուստի ան ստիպուած է հացադուլով շարունակել պայքարը: «Իմ եղբայրը, որ ուժեղ անձնաւորութիւն է, իրեն ուզում են անուժ դիրքի մէջ դնել, այնտեղ նստած քիչ բան կարայ անի, սա իր բողոքի ու ինքնարժէքի ակցիան է», ըսած է ան։
Միաժամանակ Եղնուկեան կը սպառնայ բողոքը Եւրոպական դատարան տանիլ: «Նման ակտեր կայացնող դատաւորները շատ արագ պատասխանատուութեան կ՛ենթարկուեն, որովհետեւ նման ձեւով չի կարելի իրաւաբանութեան հետ վարուել կամ նման ձեւով անձի ճակատագիրն առանց որեւէ հիմնաւորման անձին կալանաւորել, կալանքի ժամկէտը երկարացնել, միջնորդութիւնները մերժել», ըսած է փաստաբանը: