ՊՈԼԻՍ, «Ակօս».- Թուրքիոյ մէջ լոյս տեսած է Սեբաստիոյ Զարա շրջանի փրկուած հայերուն մասին պատմող «Դերձակ Վարդանուշի Յուշերը» գիրքը:
Գիրքին հեղինակը՝ Աւետիս Օլկու, որ գրի առած է իր մօր յուշերը, իր մանկութիւնը անցուցած է Զարայի մէջ՝ 1940ականներուն:
Հեղինակը ներկայացուցած է սեբաստացի հայերուն մօտաւորապէս 100 տարուան պատմութիւնը՝ 1915էն մինչեւ մեր օրերը: Ան կը պատմէ, թէ ինչպէ՛ս իր ընտանիքը Ցեղասպանութեան տարիներուն փրկուած է կոտորածէն եւ այնուհետեւ՝ 1950ին, հաստատուած է Պոլիս, կրօնական ճնշումներու հետեւանքով: Հեղինակը նաեւ անդրադարձած է ծպտեալ հայերուն դիմագրաւած կրօնական եւ ընկերային խտրականութիւններուն:
Օլկու կը նշէ, որ Սեբաստիոյ մէջ բոլորը կը ճանչնան կրօնափոխ հայերը՝ աւելցնելով, թէ հայերը կը նախընտրէին ներհամայնքային ամուսնութիւններ, եւ այդ իսկ պատճառով, խառն ամուսնութիւնները հազուադէպ եղած են։