ԵՐԵՒԱՆ.- Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ շնորհահանդէս մը՝ նուիրուած վիպագիր Անթոնիա Արսլանի «Մշոյ Գիրքը» վէպի հայերէն թարգմանութեան։ Այս գիրքը հրատարակուած է Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան աջակցութեամբ եւ հանրութեան ներկայացուեցաւ հեղինակին կողմէ։
«Մշոյ Գիրքը» գեղարուեստական երանգաւորումով միահիւսուած է «Մշոյ Ճառընտիր» ձեռագիր մատեանի փրկութեան, տարագիր գերդաստաններու պատմութեան շուրջ եւ կ՛անդրադառնայ մշակութային ցեղասպանութեան։ Վէպը իտալերէնէ թարգմանած է փրոֆ. Սոնա Յարութիւնեան եւ կը նուիրուի Հայաստանի անկախութեան 25ամեակին։
Հեղինակը՝ Անթոնիա Արսլան, վերագտնելով իր հայկական ինքնութիւնը, 2004ին գրած էր իր առաջին վէպը՝ «Արտոյտներու Ագարակը», որ անոր բերաւ համաշխարհային ճանաչում։ Գիրքը թարգմանուեցաւ քսան լեզուներու եւ այդ գիրքի հիման վրայ Թաւիանի եղբայրներ պատրաստեցին համանուն ժապաւէնը։
2012ին Անթոնիա Արսլանին շնորհուեցաւ «Մովսէս Խորենացի» շքանշանը։