ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Գերմանիոյ խորհրդարանին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու մասին բանաձեւի վաւերացումէն ետք, Գերմանիա-Թուրքիա յարաբերութիւնները լարուած վիճակի մէջ էին։ Անցեալ Յուլիսին նախատեսուած էր գերմանացի խորհրդարանական պատուիրակութեան մը այցելութիւնը Ինճիրլիքի ռազմակայան, տեսակցելու համար տեղւոյն գերմանացի զինուորականներուն հետ, բայց Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը Օգոստոսին յայտարարեց, թէ այդ բանին արտօնութիւն պիտի տրուի միայն այն ատեն, երբ Գերմանիոյ կառավարութիւնը յայտարարէ, թէ չի զօրակցիր իր խորհրդարանին վաւերացուցած նշեալ բանաձեւին։
Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել եւ արտաքին գործոց նախարար Ֆրանք Վալթեր Շթայնմայեր մերժած էին այդ պահանջը, սակայն աւելի ուշ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ յայտարարած էին, թէ նման բանաձեւեր պարտադիր չեն կառավարութեան համար։
Թէեւ մանրամասնութիւններ չեն հաղորդուիր այս մասին, «Ռոյթըրզ» Սեպտեմբեր 9ին հաղորդեց, թէ Թուրքիոյ կառավարութիւնը ի վերջոյ արտօնած է, որ գերմանացի օրէնսդիրներ այցելեն Ինճիրլիքը։
Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը ողջունեց Անգարայի այս որոշումը՝ զայն յառաջխաղացք մը համարելով երկկողմանի յարաբերութիւններուն մէջ։ Կ՛ակնկալուի, որ այս այցելութիւնը Հոկտեմբերին տեղի ունենայ։
Նշենք, որ Ինճիրլիքի ռազմակայանին մէջ, «Իսլամական պետութեան» դէմ պայքարելու նպատակով կը գտնուին գերմանական հետախուզական օդանաւեր եւ 250 գերմանացի զինուորներ: