ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, ԴԱՄԱՍԿՈՍ, «Ռոյթըրզ».- Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատները պէտք է անմիջապէս Եփրատ գետի արեւելեան ափը նահանջեն՝ աւելցնելով, որ «այդ մէկը արդէն իսկ մեծ մասամբ կատարուած է»:
Ուաշինկթըն նաեւ քննադատեց հիւսիսային Սուրիոյ մէջ ընդդիմադիր ուժերուն միջեւ բախումները՝ զանոնք նկատելով «անընդունելի եւ շատ մտահոգի»չ, եւ ցաւ յայտնելով, որ համակարգումի բացակայութիւնը առիթ կ՛ընծայէ «Իսլամական պետութեան», որ յարձակումներ ծրագրէ: Նախարարութիւնը բոլոր զինեալ կողմերուն կոչ ուղղեց դադրեցնելու բախումները ու իրարու հետ հաղորդակցելու, եւ աւելցուց, որ Միացեալ Նահանգները աշխոյժ կերպով կ՛աշխատի այդ բախումները դադրեցնելու եւ ջանքը «Իսլամական պետութեան» դէմ պայքարին վրայ կեդրոնացնելու:
«Ուաշինկթըն Ճարապլոսի հարաւը տեղի ունեցող թրքական գործողութիւններուն մասնակից չէ՛», նշուած է Փենթակոնի հաղորդագրութեան մէջ՝ հերքելով այդ գործողութիւններուն իր աջակցութիւնը:
Հիւսիսային Սուրիոյ մէջ ապահովական աղբիւրներ կը հաղորդեն, որ քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատները կ՛ամրապնդեն Մընպեճի մէջ իրենց ուժերը, եւ որ զէնքերով ու զինեալներով բեռնաւորուած բեռնակառքեր ու փոքր փոխադրակառքեր՝ հիւսիսային Սուրիոյ մէջ արեւելքէն արեւմուտք կ՛ուղղուին: Սակայն, հիւսիսային Սուրիոյ մէջ քրտական շրջանի բանբեր Իպրահիմ Իպրահիմ հերքեց այդ լուրը՝ ըսելով. «Զօրքերու ամրապնդում կայ, այո, սակայն՝ ո՛չ Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներու ուժերու, որովհետեւ այդ ուժերը կը պաշտպանեն Եփրատի արեւելեան ափը գտնուող ժողովուրդը եւ ոչ թէ Մընպեճի կամ Ճարապլոսի ժողովուրդը»:
Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներու բանբեր Ռիտոր Խալիլ իր կարգին ըսաւ, որ ջոկատներուն՝ Եփրատի արեւմտեան ափին վրայ կռուելու մասին թրքական պնդումները ճիշդ չե՛ն, այլ անոնք պարզապէս «Թուրքիոյ կողմէ Սուրիոյ հողերուն բռնագրաւումը ընդլայներու պատրուակներ են»:
Միւս կողմէ, «Խաղաղ փոփոխութեան համար» քրտական ազգային շարժումի ընդհանուր քարտուղար Ալի Աուամրի կոչ ուղղեց քիւրտերուն ընդհանուր զօրակոչի դիմելու՝ աւելցնելով, որ ներկայիս հիւսիսային Սուրիոյ մէջ քիւրտ զինեալներուն եւ թրքական բանակին միջեւ բուռն բախումներ տեղի կ՛ունենան: Ան հերքեց, թէ քիւրտերը Սուրիայէն անջատ գոյակցութիւն մը ստեղծելու նպատակ ունին եւ միաժամանակ նշեց. «Թրքական բանակը բռնագրաւումի բանակ է, որուն պէտք է դիմադրեն սուրիացի ժողովուրդի բոլոր բաղադրիչ մասերը»: