– Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղար Տմիթրի Փեսքով «ՌԻԱ Նովոսթի»ին յայտնած է, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին հրաժարած է Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ ֆութպոլի ազգային խումբերուն միջեւ Օգոստոս 31ին Անթալիոյ մէջ տեղի ունենալիք բարեկամական մրցումը դիտելու համար Թուրքիա մեկնելէն: Թրքական լրատուամիջոցներ նախապէս հաղորդած էին, թէ Փութին Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի հետ ներկայ պիտի գտնուի այդ մրցումին:
– Չեխիոյ նախագահ Միլոս Զեման յայտարարեց, թէ իսլամները պէտք չէ ընդունուին Չեխիայէն կամ Եւրոպայէն ներս՝ պնդելով. «Այն իսլամ գաղթականները, որոնք Եւրոպա կու գան, կը ներկայացնեն տարբեր մշակոյթ մը, ուստի կը կասկածիմ, որ անոնք կրնան նոյնանալ եւրոպական հաւաքականութիւններուն հետ»։
– «Կելոփ»ի կատարած հարզախոյզի մը արդիւնքներուն համաձայն՝ ամերիկացիներուն 60 տոկոսը համաձայն է պետական առողջապահական ապահովագրութիւն որդեգրելու գաղափարին։
– Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութեան տուեալներով՝ «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական կազմակերպութեան անդամակցող օտարահպատակներուն թիւը 75 տոկոսով նուազած է վերջին մէկ տարուան ընթացքին։
– Յունիս 2014ին Իրաքի մէջ սկսած «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական կազմակերպութեան յառաջխաղացքէն ի վեր, Իրաք հաստատուած ամերիկացի զինուորներուն թիւը 22 անգամով աճած է։