ԼՈՆՏՈՆ.- Թրքական եւ իրանեան աղբիւրներ «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին փոխանցած են, թէ սուրիական վարչակարգէն պաշտօնատարներու եւ թուրք անձնաւորութիւններու միջեւ գաղտնի բանակցութիւններ տեղի կ՛ունենան՝ «Սուրիոյ նկատմամբ թրքական քաղաքականութեան մէջ փոփոխութիւններու լոյսին տակ», աւելցնելով, թէ նման բանակցութիւններ կրնան առաջնորդել Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի եւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի միջեւ հաշտութեան մը գոյացման:
Աղբիւրները օրաթերթին յայտնած են, որ թրքական կողմէն բանակցութիւնները վարողն է Իսմայիլ Հաքքի, որ թուրք ականաւոր դիւանագէտ մըն է, հանգստեան կոչուած զօրավար մը, եւ որ վերահսկած է 1998ին երկու երկիրներուն միջեւ Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան ղեկավար Ապտուլլահ Օճալանի հարցով Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ կնքուած Ատանայի համաձայնութեան գոյացման: