ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ մահացած է արդի արհեստագիտութեան սիրտը հանդիսացող Սիլիքոն հովիտի մէջ յայտնի հայազգի մասնագէտ եւ «Slingbox»ի հիմնադիր Պլէյք Գրիգորեան:
Հակառակ անոր որ անոր մահուան պատճառը դեռ հաստատուած չէ, հաւանական կը նկատուի, որ ան սիրտի կաթուած անցուցած ըլլայ ովկիանոսին մէջ ալիքներու վրայ լաստելու ընթացքին (surf):
48ամեայ Գրիգորեան յայտնի էր նաեւ լրատուամիջոցներու շրջանակներէն ներս:
2004ին, ան իր եղբօրը հետ հիմնած էր «Sling Media» ընկերութիւնը, որուն մշակած «Slingbox» ծառայութիւնը յաճախորդներուն հնարաւորութիւն կու տայ համացանցային հաղորդումները դիտել պատկերասփիւռներու, համակարգիչներու կամ շարժուն այլ սարքերու միջոցաւ, ինչ որ այդ ժամանակ յեղափոխական գաղափար մըն էր:
2007ին, արբանեակային EchoStar Communications ընկերութիւնը «Slingbox»ը գնած էր 380 միլիոն տոլարով:
2011-2013ին, Գրիգորեան միացած է «Amazon»ի տնօրէններու խորհուրդին եւ այդ պաշտօնէն հեռացած է, երբ «Microsoft»ը գնած է իր «id8 Group R2 Studios»՝ տնային ծառայութիւններ մատուցող ընկերութիւնը: Ան դարձած է «Microsoft»ի փոխնախագահներէն մէկը՝ վերահսկելով նաեւ «Xbox»ի աշխատանքներուն: