ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- 2015ի տուեալներուն համաձայն՝ «Եունիթ» կազմակերպութիւնը 165 անկախ երկիրներու եւ 2 տարածքներու մէջ ժողովրդավարութեան վիճակին մասին ուսումնասիրութիւն մը կատարած է եւ Ատրպէյճանը դասած է ափրիկեան մենատիրական երկիրներու շարքին:
Ցանկին վրայ Ատրպէյճան գրաւած է 149րդ դիրքը, իսկ Ափրիկէի մօտաւորապէս 40 երկիրներ Ատրպէյճանէն աւելի ժողովրդավար նկատուած են:
Ատրպէյճանէն առաջ դասուած են նաեւ Հայաստանը, Վրաստանը եւ Թուրքիան:
Ցանկը պատրաստուած է նկատի ունենալով ընտրական գործընթացի եւ բազմակարծութեան ազատութեան, քաղաքացիական ազատութիւններու, կառավարութեան գործունէութեան, քաղաքական մասնակցութեան եւ քաղաքական մշակոյթի զարգացման տուեալները: